image

Լիբանանի մէջ արձանագրուած են բախումներ. Ո՞ւր տեղի ունեցած են դէպքերը

Լիբանանի մէջ արձանագրուած են բախումներ. Ո՞ւր տեղի ունեցած են դէպքերը

Երէկ ամբողջ գիշեր Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ լսելի դարձած են հրթիռներու եւ կրակոցներու ձայներ: Աւելի ուշ, «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը յայտնած է, որ բախումները արձանագրուած են Սայտայի «Միյէ ու միյէ» պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ մինչեւ առաւօտ տեղի ունեցած  բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած են 9 անձեր, որոնց մէջ կան նաեւ ծանր պարագաներ:

Յիշեցնենք, որ բախումները տեղի ունեցած են մէկ կողմէ՝ պաղեստինեան «Ֆաթըհ» եւ միւս կողմէ՝ «Անսար Ալլահ» խմբաւորումներուն միջեւ:

Յայտնենք, որ «Ֆաթըհ» կը համարուի Պաղեստինի Ռամալլայի կառավարութեան, այսինքն, նախագահ Մահմուտ Ապպասի հովանաւորութեան տակ գործող խմբաւորում մը, իսկ «Անսար Ալլահ»ը կապեր ունի Կազզայի մէջ տիրապետութիւն հաստատած «Համաս» իսլամական շարժումին հետ: