image

Մաքրոն... ձախողեցաւ Լիբանանի մէջ

Մաքրոն...  ձախողեցաւ  Լիբանանի  մէջ

Foreign Policy-ի պարբերականը կարճ հրապարակում մը կատարելով կարեւոր «հաստատում» մը կատարած է նշելով, որ «Մաքրոն իր ձեռքով քանդեց ֆրանսական նախաձեռնութիւնը»։

 

 Պարբերականը, որ անդրադարձած է վերջին մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած զարգացումներուն նկատել տուած է, որ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանը «փրկելու» միտումները բախած են շրջանային ազդեցիկ ուժերու «կարծր» դիրքորոշման, հետեւաբար նաեւ դիմադրութեան, որուն հետեւանքով ալ Մաքրոն յայտնուած է մարդ վիճակի մը մէջ, ու ապա հրաժարած է Լիբանանը «փրկելու» համար առաջ քաշուած ֆրանսական նախաձեռնութիւնէն։

 

 Մեր կողմէ նաեւ աւելցնենք, որ միջազգային պարբերականին վերլուծութիւնը իրաւացի է նաեւ այն պատճառով, որ ոչ Միացեալ Նահանգները, ոչ ալ Իրանը պատրաստ էին միաւորներ նուիրել պաշտօնական Փարիզին, այդկերպ անոր դերին տալով նոր հնարաւորութիւն, որ կրնար իր մեծ ազդեցութիւնն ունենալ, ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։

 

 Յառաջիկայ օրերուն Լիբանանցիք պիտի «նշեն» տարի մը առաջ եղած եղերական պայթումին առաջին տարելիցը։

 Զոհերու, փլատակներու, արեան ու մահուան ճանապարհէն քալած Պէյրութը, որ այսօր ալ կը շարունակէ տագնապներու կիզակէտը հանդիսանալ հարց պիտի տայ նոյն Մաքրոնին, որ ինչո՞ւ անկեղծ չէր իր մօտեցումներուն մէջ ու նաեւ մանաւանդ ինչո՞ւ բաց կերպով չխօսեցաւ այն կողմերուն մասին, որոնք ամէն ինչ ըրին տապալելու համար, նոյն Մաքրոնի ծրագիրը։

 

 Լիբանանցիք «անճար» չեն, խնդիրը նաեւ այն է, որ մինչեւ հիմա ընդունուած մօտեցում մըն ալ կայ, որ առանց արտաքին «կանաչ լոյս»ի Լիբանան պիտի կարողանայ «ոտքի կանգնիլ» եւ լուծել իր սեփական խնդիրները։

 

 Սեփական խնդիրներու մասին խօսեցանք, սակայն պահ մ՚իսկ տարակուսելու իրաւունքը չունինք, որ Լիբանանի մէջ առկայ տագնապը չունի ներքին բնոյթ, ան պայմանաւորուած է նոյն արտաքին ուժերու «կոպիտ» միջամտութիւններով եւ ժխտական դերով։

 Իսկ այն մօտեցումը, որ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց նախարարին ՝ Ժան Իվ Լը Տրիանին բերնով հնչեց, որ «Լիբանանցիք իրենք պէտք է լուծեն իրենց խնդիրները ...» դարձեալ անհիմն ու անիրատեսական է, որովհետեւ Լիբանանի մէջ խաղի տէրն ու տիրականը, նոյն Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը «պատէ պատ» զարկած ուժերն են ու ներկայ պահու դրութեամբ այդ ուժերուն համար Լիբանանը ընդհանրապէս, ոչ մէկ արժէք ունի։

 

 «Ա»