Լիբանանի մէջ բողոքի նոր ալիք կը հասուննայ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան աղբիւրներէ։
Կը նշուի, որ վերջին օրերուն երեւելի դարձած ներքին քաղաքական-ընկերային մեծ լարումը կրնայ գետին պատրաստել բողոքի նոր ալիքներու։
Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ բողոքարարներ փակած են Սայտա, Թրիփոլի եւ այլ քաղաքներու գլխաւոր ճանապարհները, իսկ գրեթէ երկու ժամ առաջ բողոքի ալիքը հասած է մայրաքաղաք Պէյրութ, ուր քաղաքացիներ փակած են շարք մը կարեւոր եւ մայրաքաղաքի արուարձանները իրար կապող կեդրոնական մայրուղիներ։
Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վերահսկողութեան տակ, իսկ ապահովական մարմիններ մեծ ջանքեր կ՚իրականացնեն վերաբանալու համար փակուած ճանապարհները։
Կարգ մը վերլուծաբաններու կարծիքով, բողոքի այս ալիքը պայմանաւորուած է ամերիկեան տոլարի մեծ սղաճով, որն իր կարգին արագօրէն կ՚ազդէ քաղաքացիի գնողական ուժի կտրուկ անկումին վրայ։
Արդեօ՞ք Լիբանան կ՚ուղղուի դէպի մեծ գահավիժում. խնդիր մը, որուն մասին լիբանանցիք սկսած են «բաց» կերպով խօսիլ։