Երէկ ամբողջ գիշեր Լիբանանի Սայտա քաղաքին մէջ լսելի դարձած են հրթիռներու եւ կրակոցներու ձայներ: Աւելի ուշ, «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը յայտնած է, որ բախումները արձանագրուած են Սայտայի «Միյէ ու միյէ» պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ մինչեւ առաւօտ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած են 9 անձեր, որոնց մէջ կան նաեւ ծանր պարագաներ:
Յիշեցնենք, որ բախումները տեղի ունեցած են մէկ կողմէ՝ պաղեստինեան «Ֆաթըհ» եւ միւս կողմէ՝ «Անսար Ալլահ» խմբաւորումներուն միջեւ:
Յայտնենք, որ «Ֆաթըհ» կը համարուի Պաղեստինի Ռամալլայի կառավարութեան, այսինքն, նախագահ Մահմուտ Ապպասի հովանաւորութեան տակ գործող խմբաւորում մը, իսկ «Անսար Ալլահ»ը կապեր ունի Կազզայի մէջ տիրապետութիւն հաստատած «Համաս» իսլամական շարժումին հետ: