Չորս ամիսէ ի վեր «սպասման» մէջ եղող լիբանանցիները վերջապէս շունչ մը պիտի քաշեն եւ երկիրը պիտի ունենայ նոր կառավարութիւն։
Այս մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրը, որ նաեւ յայտնեց, թէ վարչապետ Հարիրիի կազմելիք կառավարութիւնը պիտի բաղկանայ 30 նախարարներէ։
Նշենք, որ երէկ լիբանանահայութիւնը ապրած էր «դժուար ժամեր», երբ մէկէ աւելի լրատուական ծառայութիւններ յայտարարած էին, թէ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ հայութիւնը պիտի ունենայ մէկ նախարարական աթոռ, մինչեւ օրէնքով ամրագրուած է, որ երկրի 7 -րդ համայնք հանդիսացող ՝հայ առաքելական համայնքը հոգիներէ բաղկացող նախարարաց խորհուրդին մէջ ներկայացուի երկու նախարարներով։
Նոյն առումով եւ դարձեալ ըստ վերջին տուեալներուն հայութեան վերաբերող առկայ խնդիրը հարթուած է եւ նոր կառավարութեան մէջ սպասուած հայկական ներկայացուցչութիւնը պիտի ունենայ վերջին կառավարութեան պատկերը։
Այլ խօսքով եւ շատ հաւանաբար գալիք ժամերուն կազմուելիք կառավարութեան մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան Հ.Յ.Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ ` Աւետիս Կիտանեանը (զբօսաշրջութեան նախարար) եւ Ժան Օղասաբեանը (կանանց հարցերու նախարար)։
Յիշեցնենք, որ այսօր կառավարութեան կազմութեան օրակարգին վերաբերել ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի ընկերակցութեամբ նախարար Աւետիս Կիտանեանի այցելութիւն տուած էին վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որուն հետ քննարկած կառավարութեան կազմութեան գործընթացի վերջին զարգացումները։