image

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարները քննարկում ունեցած են

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարները քննարկում ունեցած են

 

16 Յունիսին կայացած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հեռախօսազրոյցը ՌԴ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկույի հետ։
Ռազմավարական դաշնակից երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրադրութեան յանգուցալուծման ուղիները։
ՊՆ-էն յայտնած են, որ Վաղարշակ Յարութիւնեանը նշած է, որ հայկական կողմը յարգանքով կը վերաբերի գործընկեր պետութիւններու եւ կառոյցներու՝ խնդիրը խաղաղ կարգաւորելու կոչերուն, աւելցնելով, որ հայկական կողմի դիրքորոշումն անփոփոխ է. Ատրպէյճանի ԶՈՒ ներկայացուցիչները պէտք է առանց որեւէ նախապայմանի լքեն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները։

Վաղարշակ Յարութիւնեանն ու Սերկէյ Շոյկուն քննարկած են նաեւ ՀՀ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանային հատուածներուն մէջ ՀՀ ԶՈՒ հետ համատեղ ռուս սահմանապահներու տեղակայման հարցը։

Անդրադարձ կատարուած է Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի կողմէ իրականացուող առաքելութեան ընթացքին, պաշտպանական ոլորտի մէջ հայ-ռուսական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային հիմնախնդիրներուն վերաբերող շարք մը հարցերու։