Քալիֆորնիոյ իշխանութիւնները շահագրգռուած են Լոս Անճելոս-Երեւան ուղիղ թռիչքներու ստեղծմամբ: Այս մասին խօսած է Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ՝ Էլենի Քունալաքիսը, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի նախագահ Նորա Յովսէփեանը նշած է, որ կ'աշխատին այդ ուղղութեամբ եւ կը համոզեն յատկապէս օդանաւային ընկերությունները, որ այդ շահաւէտ է իրենց համար:
Փոխ նահանգապետը յոյս յայտնած է, որ հարցը դրական ձեւով լուծուի ապագային, մանաւանդ որ բազմաթիւ հաւանական ուղեւորներ կան հիմա եւ դեռ պիտի բազմանան յառաջիկային: