Այս մասին կը յայտնէ Russia Today-ը՝ վկայակոչելով թրքական Daily Sabah պարբերականի տուեալները: Տեղի զբօսաշրջային հատուածի ներկայացուցիչներու գնահատմամբ՝ ապրիլէն ի վեր սահմանուած արգելքի հետեւանքով նիւթական կորուստներու ընդհանուր ծաւալը կազմած է առնուազն 2 միլիառ տոլար:
Թրքական կողմը յոյս յայտնած է, որ օդանաւային չուերթները Ռուսաստանէն Թուրքիա կը վերականգնուին Յուլիսին:
Յիշեցնենք, որ ՌԴ-ն, Թուրքիոյ մէջ «Քովիտ-19»-ի տարածմամբ պայմանաւորուած, 15 ապրիլէն սահմանափակած է թռիչքները դէպի Թուրքիա՝ այդպիսով սահմանափակելով զբօսաշրջային հոսքը: