Ռուսաստանը 1 ապրիլէն պիտի վերականգնէ կանոնաւոր ուղեւորափախադրումները Գերմանիոյ, Շրի Լանքայի, Վենեզուելլայի, Սուրիոյ, Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի հետ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ՌԴ դաշնային շտաբէն:
Նշուած է, որ Գերմանիոյ օդային երթեւեկութեան իշխանութիւններու հետ համաձայնեցմամբ՝ փոխադարձ կերպով պիտի վերականգնուի կանոնաւոր օդային հաղորդակցութիւնը՝ Ֆրանքֆորթ-Մոսկուա-Ֆրանքֆորթ, Ֆրանքֆորթ-Ս. Փեթերսպուրկ-Ֆրանքֆորթ, Մոսկուա -Պերլին-Մոսկուա երթուղիներով:
Բացի այդ, պիտի վերականգնուին նաեւ թռիչքները Մոսկուա-Քարաքաս, Մոսկուա-Դամասկոս, Մոսկուա-Տուշանպէ, Մոսկուա-Թաշքենտ, Մոսկուա-Քոլոմպօ ուղղութիւններով:
ՌԴ շտաբէն յայտնած են նաեւ, որ պիտի աւելնայ կանոնաւոր չուերթներու քանակը Ռուսաստանէն Քուպա, Հայաստան, Ատրպէյճան, Եգիպտոս եւ ԱՄԷ: