image

Պատմական պահ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը պիտի քուէարկուի ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ

Պատմական պահ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը պիտի քուէարկուի ԱՄՆ Քոնկրէսին մէջ

Յաջորդ շաբաթ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս քննարկման ու քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:  Այս մասին Թուիթըրի իր էջին գրառում կատարած է ԱՄՆ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոնը:

«Յաջորդ շաբաթ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը պատմական քուէարկութիւն պիտի կատարէ՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ամերիկան պէտք է դէմ արտայայտուի մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններուն, յատկապէս, որ Թուրքիան կը սպառնայ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ նոր էթնիք բնաջնջման արշաւով»,-նշած է ան:

Ամերիկայի հայկական համագումարը կը տեղեկացնէ, որ բանաձեւի աջակիցներու թիւը կ'աւելնայ: «Ամերիկայի հայկական համագումարը բարձր կը գնահատէ ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներու ջանքերը եւ կ'ողջունէ H.Res.296 բանաձեւը Ներկայացուցիչներու պալատ բերելու որոշումը: Այս երկկուսակցական բանաձեւը կը հաստատէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ամերիկայի աննախադէպ մարդասիրական աջակցութիւնը՝ ուղղուած  20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն փրկուածներուն»,-ըսած է Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայան Արտունին:

Աւելի վաղ՝ քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը եւ Կուս Պիլիրաքիսը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւ ներկայացնելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին: Նախագիծը միտուած է Հայոց ցեղասպանության հերքումը մերժելուն, ԱՄՆ կառավարության կողմից Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանն ու յիշատակման, Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկուածութեան բարձրացման կարեւորութեան  նմանատիպ յանցագործութիւնները յետագային կանխելու առումով:

«Մենք ուրախ ենք տեղեկացնել, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը պիտի ուղարկուի քուէարկութեան: Ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցած է 1915-1923 թուականներուն եւ, որու հետեւանքով սպանուած է 1.5 միլիոն հայ, ինչպէս նաեւ այլ էթնիք խումբեր, ազգի ներկայացուցիչներ, արձանագրուած է ամերիկացի դիւանագէտներու կողմէ»,-յայտարարած են ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամները:

Ամերիկեան լրատուամիջոցները, անդրադարձ կատարելով այս թեմային, հաւանական կը համարեն, որ յաջորդ շաբաթ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ դեմոկրատները վաւերացնեն բանաձեւը:


Посмотреть изображение в Твиттере