image
Հրատապ լուրեր:

Շնորհակալութեան խօսք բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած են հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հենրիխ Մխիթարեան

Շնորհակալութեան խօսք բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած են հայոց Ցեղասպանութիւնը. Հենրիխ Մխիթարեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ եւ իտալական «Ռոմա»-ի կիսապաշտպան՝ Հենրիխ Մխիթարեան գրառում կատարած է  նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:

«Շնորհակալութիւն այն բոլոր պետութիւններին, որոնք ճանաչել են Հայոց ցեղասպանութիւնը»,- դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած տեսանիւթին կից գրած է հայազգի ֆութպոլիստը:

Ցեղասպանութիւնը ճանաչած եւ դատապարտած են մօտ երեք տասնեակ պետութիւն՝ Ուրուկուէյը, Արժանթին, Աւստրիան, Պելճիքան, Պոլիվիան, Պրազիլը, Գանատան, Չիլին, Կիպրոսը, Չեխիոյ Հանրապետութիւնը, Դանիան, Գերմանիան, Յունաստանը, Իտալիան, Լիթուանիան, Լուքսամպուրկը, Հոլանտան, Փարակուէյը, Լեհաստանը, Փորթուկալը, Ռումանիան, Ռուսաստանը, Սուրիան, Սլովաքիան, Սպանիան, Շուէտ, Զուիցերիան, Ֆրանսան եւ միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ: