image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան առաջարկած է «բերանը փակել» բոլոր անոնց, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Թուրքիան առաջարկած է «բերանը փակել» բոլոր անոնց, որոնք կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան փաստը պնդող կուսակցութիւնները պէտք է փակուին, իսկ քաղաքական գործիչներուն արգիլուի մասնակցիլ քաղաքականութեան: Նման առաջարկ ըրած է Թուրքիոյ պատմական գիտութիւններու դոկտոր, յայտնի քաղաքագէտ Օմեր Թուրանն իր Twitter-ի էջին:

«Այն կուսակցութիւնները, որոնք կը յայտարարեն, որ եղած է Հայոց ցեղասպանութիւն, անոնց քաղաքական գործունէութիւնը պէտք է արգիլուի։ Հայոց ցեղասպանութիւնն ընդունող պաշտօնեաները պէտք է հեռացուին պաշտօններէն։ Հայոց ցեղասպանութեան քարոզ ընողները պէտք է զրկուին քաղաքացիութենէ»,– նշած է թուրք քաղաքագէտը։

Նշենք, որ քաղաքագէտը կ'ակնարկէ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան՝ աւելի վաղ կատարած յայտարարութեան, որով կը պահանջուէր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը։