image
Հրատապ լուրեր:

Պաշարում, փորձանքներ եւ ահաբեկիչներու սպառնալիք... Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի ապրած օրերը Հալէպի մէջ

Պաշարում, փորձանքներ եւ ահաբեկիչներու սպառնալիք... Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի ապրած օրերը Հալէպի մէջ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ երկար տարիներ Քեսապի, ապա Հալէպի մէջ  հովուական ծառայութիւն մատուցած եւ ներկայիս Լոս Անճելըսի Փասատէնա շրջանի  Հայ   «Հայ Կիլիկիա» Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը:


-Դուք եկած էք Միջին Արեւելքէն, ուր ժողովուրդը կապուած է եկեղեցիին,  այլ խօսքով կ՚ապրի նաեւ եկեղեցիով...  Իսկ հիմա բոլորովին այլ միջավայրի մէջ կը ծառայէք, ի՞նչ է տարբերութինը, ըստ ձեզի, այս երկու փորձառութիւններուն:


Երբ կ'ըսէք Միջին Արեւելք, պէտք է յիշեցնեմ, որ ես կու գամ Քեսապէն, այսինքն իմ քրիստոնէական, ազգային առաջին հիմնական կրթութիւնս  կը պարտիմ Քեսապին։
Քեսապի միջավայրը իր իւրայատկութիւնը ունի, որմէ ետք համալսարանական ուսումս ստացայ՝ Լաթաքիա, ետքը, Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ մագիստրոսի աստիճանին   տիրացայ  Լիբանանի մէջ։   Ապա անցայ  ծառայութեան, որ  սկսաւ  Քեսապով, որմէ ետք, 1997-ին   տեղափոխուեցայ  Հալէպ, որպէս Էմանուէլ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Քեսապի եւ Հալէպի միջեւ  կային  տարբերութիւններ։ Մինչ  Քեսապը Կիլիկիոյ յատուկ կառուցուածքով եւ երանգներով  էր,   անդին  Հալէպը բոլորովին այլ, հարուստ մշակոյթով, միջհամայնքային,  եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու հարստութեամբ, բոլորովին     այլ    երանգներ ունեցող   քաղաք էր։  Տարբեր խանդ մը,  տարբեր եռանդ մը կար Հալէպի մէջ, ուր մնացի մինչեւ 2016  թուականի սկիզբը: Անկէ ետք երկու տարի ծառայութիւն մատուցեցի Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցիին, ուր երբ հասայ, արդէն Գանատայի պետութիւնը  իր դռները  լայն բացած էր ընդունելու  համար սուրիահայերը։  Տեղին է   նշել, որ Աստուածային նախախնամութիւն էր, որ հոն հասնէի եւ հալէպահայերը ընդունելու գործը ստանձնէի: Այսպիսով,  Հալէպէն 500-է աւելի հայ ընտանիքներ  դիմաւորեցինք եւ շատ մօտ գործակցութիւն ունեցանք  հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն հետ,  եւ շատ դրական միջավայրի մը մէջ  գործեցինք։ Հալէպէն եկող իւրաքանչիւր ընտանիքի  ուղղութիւն կու տայինք եւ կը փորձէինք ամէն կերպ անոնց  օժանդակել: Կրնամ ըսել Գանատան ինքնին իւրայատուկ պատկեր էր, իւրայատուկ գաղութ մը, ուր կը տեսնես պոլսահայեր, եգիպտահայեր, սուրիահայեր, լիբանանահայեր եւ հայաստանցիներ, որոնցմէ ամէն մէկը իր հետ բերած է սովորութիւններ, բարքեր, տարբեր մշակոյթ, մտածելակերպ եւ այս բոլորը մէկ   տեղ համադրել, ըսել է  Աստուածային իմաստութեան  վստահիլ։Այդ ծառայութենէն ետք ալ, հիմա Ամերիկա եմ:

- Մեծ  թիւով  սուրիահայեր  Գանատա հասան ձեր կարծիքով,  ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց ճակատագիրը։


Անկեղծ  ասած  ապագան Աստուծոյ ձեռքն է, մենք չենք գիտեր  ինչպիսի   ապագայ կը սպասէ  մեզ... սակայն  իմ համոզմամբ  աշխարհի մէջ ուր ալ երթաս, ինչ ալ ընես, հայութիւնը կը պահուի միայն իր հողին վրայ...։

Օրինակի համար  Սուրիոյ մէջ, Ազէզի մէջ դպրոց, եկեղեցի, ծառայութիւն ունեցած ենք, այսօր չունինք։  Երկար  տարիները վերջաւորութիւն ունին,  եւ հողն է բացարձակ ճշմարտութիւնը, հողն է որ հայը հայ կը պահէ, եթէ հողը գնաց, սերունդները կամաց կամաց  կ՚անհետանան։  Ճիշդ է, որ  դէպի Գանատա  սուրիահայերու հոսքը նոր  աւիւն մը տուաւ  գաղութին, սակայն իմ կարծիքովս  այդ բոլորը ժամանակաւոր է։

ԱՄՆ-ի պարագային լրիւ ուրիշ պատկեր է, որովհետեւ հոն տարբեր մշակոյթներ կան,  մեծ թիւով՝  Հայաստանէն, Պարսկաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, աւելի վաղ՝ Եգիպտոսէն, Պոլիսէն հայեր կան, վերջը ո՞ւր է... պատասխանը ես ալ չեմ գիտեր: Այս բոլորին մէջ միակ աղօթքս, միակ տեսիլքս եւ ի գործ դրած ծառայութեանս ուղղութիւնը մէկն է՝ ինչպէս կրնանք մէկ օր աւելի քրիստոնէական, հայապահպանման, հայութեան ծառայութեան մարզին մէջ ապրիլ, եւ  հիմնական շեշտը   դնել ընտանիքին վրայ,  որովհետեւ ես համոզուած եմ, եթէ ընտանիքը հայ չմնայ, կը կորսուի... ի վերջոյ  այս գաղութները  ձուլուող կաթսայի  կը նմանին։

 

-Ի՞նչ է ներկայիս ձեր ծառայութիւնը:


Ներկային Ամերիկա եմ: ԱՄՆ-ի մէջ ունեցայ երկու ծառայութիւն, առաջինը՝ որպէս Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ընդհանուր ծրագիրներու համադրող, ուր այցելեցի եկեղեցիներ եւ  տարբեր    առաքելութիւններով հանդիպումներ  կատարեցի։  Ըսեմ նաեւ, որ  ԱՄՆ Արեւմտեան ափին մէջ ամսական դրութեամբ հովուական ժողով մ՚ունինք, ուր ամէն ամիս հովիւներ կը հաւաքուին եւ կը խորհրդակցին, թէ մեր եկեղեցական կեանքը ինչ ողղութեան մէջ է, ինչ ընթացքի մէջ է։ Այս միութեան հովուապետը Վերապատուելի  Պերճ Ճամպազեանն է, որուն հետ շատ դրական համագործակցութիւն ունեցայ: Իսկ հիմա ստանձնած եմ Փասատինայի «Հայ Կիլիկիա»  աւետարանական եկեղեցւոյ  հոգեւոր հովիւի պարտականութիւնը։ Այս եկեղեցին 100 տարուան  պատմութիւն ունի, առաջին հայ եկեղեցին է Փասատէնայի մէջ, որ այս տարի  պիտի նշէ իր   հիմնադրութեան 97-րդ տարեդարձը: Իսկ ինչո՞ւ «Հայ Կիլիկիա», պիտի հարցնէք: Իսկութեան մէջ ես ալ զարմացայ: Որովհետեւ այդ շրջանի   մեր հաւատացեալներն ու եկեղեցւոյ հետեւորդները,  բոլորն ալ Կիլիկիայէն  եկող հայեր են։ Անոնք է, որ հիմնադրած են այդ եկեղեցին եւ  շատ ուզած են, որ  Կիլիկիա բառը մնայ, յիշուի,  որպէս իրենց պապերէն մնացած ժառանգութիւն մը: Մէկ տարի եղաւ արդէն այստեղ եմ, հոգեւոր հովիւն եմ այս եկեղեցւոյ եւ իմ ծառայութիւնս կը մատուցեմ Փասատինայի  հայ գաղութին:

 

-Սուրիոյ  պատերազմին  ընթացքին  ձեր  ապրած     դժուարին  օրերը  տարբեր առումներով ալ դարձաւ   մեծ  փորձառութիւն։ Այդ  դէպքերէն տարիներ անց, այսօր,  ի՞նչ   բառերով  կը բնութագրէք Հալէպի մէջ  ձեր անցուցած օրերը։


Իսկութեան մէջ,  Հալէպը հարուած  պատերազմի օրերուն, ես  երկու տարի շրջապատուած մնացած եմ Էմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ   գտնուած   վայրը  դարձաւ   հատման գիծ   եւ մեզմէ 300 մեթր   հեռաւորութեան վրայ  տեղակայուած  էր  «Տահէշ»ը ...  Քանի անգամներ  փորձեցին եկեղեցին  հարուածել, ազդարարեցին, նամակներ ղրկեցին, եւ   ես ստիպուած եղայ  երեք շաբաթով  շէնքէն դուրս չգալ..։  Եկեղեցւոյ մէջ կ'անցնէինք  մեր օրերը, ստիպուած  էինք    զգոյշ    ըլլալ, որովհետեւ չէինք գիտեր, թէ  դուրսը  ի՛նչ կը կատարուի։ Անշուշտ կը հաւատամ, որ աստուածային հրաշագործութիւն  շնորհիւ էր, որ   ես ու ընտանիքիս անդամները ողջ մնացինք ... Այդ ծանր պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասանք, Էմանուէլ եկեղեցւոյ յանձնախումբով մեր ծառայութիւնը մատուցեցինք մեր ժողովուրդին  ամենօրեայ հացը   ապահովեցինք։  Յետոյ  ահաբեկիչները փորձեցին եկեղեցին հարուածել, քանի անգամ ընտանիքով՝ կինս եւ զաւակներս, միջանցքին մէջ քնացած ենք, որովհետեւ եկեղեցւոյ չորս կողմը ռումբեր կը տեղային, եկեղեցին վնասուեցաւ,  սակայն  փառք  Աստծոյ   մնացինք  անվտանգ եւ   ապահով։

Այս բոլորէն անցնելէ ետք, այսօրուայ պատգամս այն է, որ բնաւ զԱստուած եւ կեանքը  թեթեւի  չառնէք, որովհետեւ իսկապէս եթէ կ'ապրինք, կ'ապրինք  բարձրեալին  շնորհքով։ Այսօր համոզուած եմ, որ  եթէ  կարելիութիւնը  ունիմ    կարօտեալի մը, դժուար  վիճակի մը  մէջ գտնուողի մը  բաժակ մը ջուր, ապա ատիկա պէտք է ընեմ, որովհետեւ վաղը չեմ գիտեր, թէ    այդ  մէկը կրնամ կամ ոչ...։ Ի վերջոյ  փորձեմ մոմ մը վառել եւ  շուրջս լուսաւորել  եւ այդ մոմ վառելը վարակիչ դարձնել։ Փորձենք լուսաւորել թաղը, եւ եթէ թաղն ալ իր հերթին վարակէ  ու  միւսները, լուսաւորէ,  այն  ատենք կամաց- կամաց  ամբողջ քաղաքը  կը  լուսաւորուի։

-Հաւանաբար ձեզի քննադատողներ եղան, ըսելով որ Հալէպը ձգեցիք, հեռացաք, կը լսէ՞ք այդպիսի  խօսքեր, ի՞նչ կ'ըսէք այդ մարդոց:


Հիմնական ուղղութիւնը անձի մը ապրելակերպին մէջ իր ունեցած հաւատքը եւ խիղճն է, հաւատք՝ առ Աստուած եւ անշուշտ գործնական ծառայութիւն՝ մարդ արարածին եւ խիղճդ՝ առ Աստուած եւ խիղճդ՝ առ մարդ արարած:

Երբ Հալէպի պատերազմը սկսաւ, ես ընտանիքով Հայաստան էի եւ ինծի Հալէպէն ընտանիքներ սկսան ըսել՝ Պատուելի, մի գար, շատ ծանր է վիճակը, Հայաստանի մեր   հայրենակիցներն   ալ նոյնը   ըսին՝ պատուելի, մի երթաք, մի վերադառնաք: Ես տիկնոջս եւ զաւակներուս առանձին առանձին հարցուցի, թէ ի՞նչ կը մտածեն, եւ երեքն ալ նոյն բանը ըսին՝ դուն ուր որ կ'ուզես ըլլալ, հոն կ'ըլլանք,  կարեւորը միասին ըլլանք, նոյնիսկ եթէ Հալէպ ըլլաս, եթէ պատերազմի իսկապէս լուրջ վտանգ կայ, պիտի ուզենք կամ միասին մեռնիլ կամ միասին ապրիլ, եւ այսպէս  որոշեցինք      միասին Հալէպ   վերադառնալ։ Հալէպի օդակայանէն մինչեւ Էմանուէլ եկեղեցի մէկէ աւելի փորձանքէ անցանք եւ կրնամ  ըսել, որ  հրաշագործութեամբ փրկուեցանք: Այս 2012-ի օգոստոսին էր, եւ մնացինք Հալէպ, շարունակեցինք մեր ծառայութիւնը մինչեւ 2015-ի թուականի  դեկտեմբերը, այսինքն մինչեւ Էմանուէլ եկեղեցիի հետ ծառայութեան համաձայնութեանս ժամկէտի աւարտը: Մինչեւ վերջին օր հաւատարիմ մնացի եւ միայն Աստուած գիտէ եւ  մեր համայնքի  անդամները կը վկայեն, թէ ինչպիսի ծառայութիւն մատուցինք: Հետեւաբար եթէ մարդիկ ըլլան, որ ըսեն ինչու Հալպէն հեռացար,   տեղն  է ըսել, որ  ոչ թէ 100, այլ 500 տոկոս լաւագոյն ծառայութիւն մատուցեցի եւ միշտ տէր Յիսուս Քրիստոսի պատուէրով՝ երբ աջ ձեռքդ կու տայ, ձախը թող չիմանայ, այդ սկզբունքով ծառայութիւն ըրի եւ խիղճս հանգիստ է: Նոյն ձեւ ալ կը շարունակեմ  ծառայել, փառք ու պատիւ չեմ  ուզեր ... 

 Ուզածս  ճիշդ  ու ազնիւ    ծառայութիւնն է, ուրիշ ոչինչ։