Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Յարութիւն Գօգօ Ազարիկեանը (Ծնեալ՝ Հալէպ)։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատնրէն:
Հանգուցեալը ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալած անձնաւորութիւն եղած է, ան անդամ էր ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին։
Հանգուցեալի Թաղման արարողութիւնը կատարուած է երկուշաբթի՝ 21 յունիս, 2021-ին, կէսօրին ժամը 1:30-ին, Մալաթիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Նշենք, որ Յարութիւն Ազարիկեան եղբայրն էր Հալէպի համայնքի ուսուցչական ասպարէզի սիրուած ներկայացուցիչներէն հանգուցեալ ՝ Էմմա Ազարիկեանի։