image

Նախարար Նալպանտեան Երուսաղէմի Պատրիարաքարան այցելած է

Նախարար Նալպանտեան Երուսաղէմի Պատրիարաքարան այցելած է

Իսրայէլ տուած իր պաշտօնական այցի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան երէկ այցելած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Հայ Ձայն» կայքը:

Հայաստանի դիւանագտութեան պետը այնուհետեւ ընդունուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանին եւ վանքի միաբանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայութիւնը յուզող խնդիրները:

Նշենք, որ նախարար Նալպանտեան առաջին անգամը չէ, որ հանդիպում կ'ունենայ Երուսաղէմի Պտրիարքին հետ, ամիսներ առաջ ան ներկայ եղած էր Սուրբ Յարութիւն տաճարին մէջ գտնուող Յիսուս Քրիստոսի վերանորոգուած Սուրբ գերեզմանի բացման հանդիսաւոր արարողութեանց: