Ինչպէս կը յայտնէ Minval.az-ը, անոնց ուղեկցած է Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարի խորհրդականը, նախարարութեան այլ աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանն ու դեսպանատան աշխատակիցները:
Կը հաղորդուի, որ հիւրերուն ներկայացուած է քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակն ու անոր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ նախատեսուող շինարարական աշխատանքներու նախագիծերը: