Յառաջիկայ Ռուսաստան-Իրան-Թուրքիա գագաթնաժողովին, պիտի յայտարարուի Սուրիոյ սահմանադրական կոմիտէի ստեղծման մասին: Այս մասին կը յայտնէ «ԹԱՍՍ»ը, վկայակոչելով Նուր-Սուլթանի մէջ բանակցութիւններու կազմակերպման իրազեկ աղբիւրը:
«Սահմանադրական կոմիտէի ձեւաւորման կապակցութեամբ աշխատանքները գործընթացի մէջ են»,- ըսած է զրուցակիցը, ընդգծելով, որ «անոր ստեղծման մասին կը նախատեսուի յայտարարել ասթանեան ձեւաչափով յառաջիկայ գագաթնաժոովին»: