image

«Նախքան պատերազմը Սուրիոյ հայկական մարզական ակումբները առաջատար էին» Աւագ մարզիչ՝Հրաչ Պզտիկեան

«Նախքան պատերազմը Սուրիոյ հայկական մարզական ակումբները առաջատար էին» Աւագ մարզիչ՝Հրաչ Պզտիկեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուրիոյ Պասքեթպոլի Ազգային Հաւաքականի մարզիչ՝  Հրաչ Պզտիկեան:

 

-Մեր ընթերցողներուն  կարճ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ՞ք  ձեր մասին։


Ծնած եմ Հալէպ, 1964-ին: Փոքր տարիքէս մաս կազմած եմ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի պասքեթպոլի տարիքային տարբեր խումբերու՝ սկսած 1970-էն մինչեւ 1996 մարզական տարին: Խաղացող ժամանակս սկսած եմ մարզել Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսերներու խումբերը՝ 1980-ական թուականներուն, 1990-ականներու վերջերը սկսած եմ մարզել Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց եւ աղջկանց առաջին խումբերը: 1999-2000 թուականին մարզած եմ Սուրիոյ աղջկանց ազգային հաւաքականի խումբը, վերջը դարձեալ երեք տարի մարզած եմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աւագ խումբերը, 2008-2009-ին դարձեալ մարզած եմ Սուրիոյ ազգային հաւաքականի խումբը, 2009-էն մինչեւ 2014 մարզած եմ Հալէպի Հ.Ե.Ը.ի մեծ տղոց եւ աղջկանց խումբերը: 2001-ին մարզած եմ Հալէպի «Հուրրիյէ» ակումբի մեծ տղոց խումբը:

Քանի մը անգամ ընտրուած եմ Հալէպի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ:

2003-էն մինչեւ 2007 վարած եմ Հալէպի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը եւ 2019-2020-ին եղած եմ Սուրիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ Հալէպի ֆետերասիոնի նախագահ:

 

-Պատերազմէն առաջ աուրիահայ մարզական կեանքին մէջ ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէր:


Պատերազմէն առաջ հայկական ակումբները առաջատար էին եւ կ՚ապրէինք համայնքի փայլուն օրերը։ Տարբեր մարզաձեւերու խումբեր ունէինք, որոնք բարձր մակարդակով եւ արժանապատիւ ձեւով կը մրցէին իրենց մրցակիցներուն հետ։ Ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերով, ուր նոյնիսկ կ'ունենայինք ախոյեան խումբեր եւ անհատ մարզիկներ, ըլլայ Հ.Ե.Ը.ի պասքեթպոլի խումբը, որ նոյնպէս ունէր իր ուրոյն տեղը սուրիական պասքեթպոլի ոլորտէն ներս՝ իր տղոց եւ աղջկանց խումբերով:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի աղջիկները դարձած են Սուրիոյ ախոյեաններ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի տղոց խումբը գրաւած է Սուրիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը՝ քանի մը անգամ: Մեր փոքր տարիքի տղոց եւ աղջկանց խումբերը բազմաթիւ անգամներ դարձած են Սուրիոյ ախոյեաններ: Նոյնպէս ունէինք ախոյեաններ՝ քարաթէի, ճատրակի, բինկ-բոնկի, աթլէթի, հեծանիւի, լողի եւ այլ մարզաձեւերու մէջ։

Բոլոր հայկական ակումբները ունէին իրենց մարզաւանները, իրենց ամբողջական յարմարութիւններով։

 

-Պատերազմի տարիներուն ինչպիսի՞ իրավիճակ էր մարզական կեանքին մէջ:


Պատերազմը իր խորունկ հետքը ձգեց մեր կեանքին վրայ: Բնական է, որ մարզական կեանքն ալ պիտի ազդուէր այս պատերազմէն՝ բացասական առումով, սակայն այն չդադրեցաւ: Օրինակ՝ աղջիկս Միրնա Պզտիկեանը լողի մէջ դարձաւ Սուրիոյ ախոյեան եւ արձանագրեց Սուրիոյ մրցանիշը եւ արդէն 4 տարիէ ի վեր տարբեր հեռաւորութիւններու վրայ իր արձանագրած լաւագոյն ժամանակները՝ մինչեւ հիմա անգերազանցելի են:

Պատերազմի ժամանակ նոյնիսկ ունեցանք մարզիկ զոհեր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի լողի խումբին մաս կազմող Մերի Հինտոյեանը զոհ գնաց ռումբի մը պայթումին, մարզաւաններ քանդուեցան, գողցուեցան, ակումբները զրկուեցան իրենց դրամական աղբիւրներէն, որ վատ անդրադարձ ունեցաւ մարզական կեանքի որակիմ վրայ:

 

-Սուրիոյ մէջ այժմ կը տեսնէ՞ք փայլուն ապագայ՝ հայկական մարզական կեանքին առընթեր։


Չեմ կարծեր որ մենք կը դառնանք մեր շքեղ եւ յաղթանակներով լեցուն մարզական օրերուն: Երիտասարդ ներուժի շարունակուող արտագաղթը մեծապէս կը վնասէ մարզական կեանքի աշխուժացման փորձերուն, միւս կողմէ ալ երկրի տնտեսական ծանր վիճակը մեզ ամէն օր կը ջլատէ։