Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի «Շէյխ նաճճար» մեծագոյն արդիւնաբերական շրջանին մէջ, որ պատերազմի հետեւանքով կիսաքանդ վիճակի մէջ է, մետաղագործութեան գործարան մը բացուած է, այս մասին կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի»ն:
«Քաթըրճի» ընկերութիւնը կառուցած է գործարանը, քաղաքի ազատագրումէն ետք, գրեթէ ոչնչէն: Սկսած են միայն 15 աշխատակիցներով, արտադրելով ամսական 20 թոն: Այժմ աշխատակիցներու թիւը հասած է 250ի, իսկ արտադրութիւնը՝ ամսական 200 թոնի:
«Քաթըրճի» ընկերութեան գլխաւոր մասնագէտ Սալահ Պիթար յայտնած է լրագրողներուն , որ ղեկավարութիւնը գործի ընդունած է երկիր վերադարձած գաղթականները, որոնք հետեւած են աշխատանքային յատուկ վերպատրաստման ծրագրի: Նկատի առնելով որ ծրագիրը արդիւնաւէտ եղած է, ընկերութիւնը ներգրաւած է նաեւ այլ մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ:
Յիշեցնենք, որ Հալէպ քաղաքը ազատագրուած էր 2016 թուականին: Սուրիոյ մէջ զինեալ հակամարտութիւնները կը շարունակուին 2011 էն: «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ յաղթանակը յայտարարուած է 2017ի աւարտին: