image

Հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ. ԱՀ ՊԲ

Հակառակորդը հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ. ԱՀ ՊԲ

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 40 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 500 կրակոց:

Սահմանի հարաւային, արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններու վրայ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է տարբեր տրամաչափի դիպուկահար հրացաններ (77 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծի վրայ եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւնը: