image

Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսիա

Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսիա

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն, յայտնած են կառավարութենէն։

Վարչապետը Եկատերինպուրկի մէջ պիտի մասնակցի «Իննոփրոմ-2026» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսի շրջածիրէն ներս կայացող «Արդիւնաբերութիւն 360. Արտադրութիւն առանց սահմաններու» թեմայով լիագումար նիստին։

Նախատեսուած է նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։