ԱՄՆ եւ այլ երկիրներու պաշտօնական անձինք թերթին տեղեկացուցած են, որ եգիպտական պաշտօնատար անձինք առաջընթացի հասած են ՀԱՄԱՍ-ի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններուն մէջ։ Ամերիկացի պաշտօնեայի խօսքով՝ Պայտընի աշխատակազմը կը կարծէ, որ հրադադարը կրնայ ձեռք բերուիլ այս շաբաթ, պայմանով, որ չնախատեսուած բախումները չխանգարեն քննարկումներուն։
Wall Street Journal-ի տուեալներով՝ Եգիպտոսը, Քաթարը եւ մի քանի եւրոպական երկիրներ կ'աշխատին, որ ստիպեն Իսրայէլի եւ ՀԱՄԱՍ-ի առաջնորդներուն վերջ դնել բռնութեան Կազայի մէջ։
ԱՄՆ պաշտօնական ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է, որ միակ խնդիրը ժամանակն է։ Նաեւ մտահոգութիւններ կան, որ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէն պայքարող մարտական «Իսլամական ճիհատ» խմբաւորումը կրնայ սադրել իրավիճակի հետագայ սրացում այն բանէն ետք, երբ կողմերը ըստ էութեան կը համաձայնին հրադադար հաստատել։
Նախօրէին նախագահ Ճօ Պայտընը զրուցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ՝ նշելով, որ «այսօր կ'ակնկալէ զգալի ապասրացում հրադադարի ճանապարհին»։
Զրոյցէն ետք Նաթանիահուն ըսած է, որ լի է վճռականութեամբ՝ «շարունակելու գործողութիւնն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ նպատակն իրականանայ՝ վերականգնել անդորրն ու անվտանգութիւնը Իսրայէլի քաղաքացիներու համար»։