13-15 Մարտին, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած «Մեր հերոսական Արցախը» խորագրով միջոցառումներուն մասնակցելու նպատակով աշխատանքային այցով Յունաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը։
ԱԳՆ ղեկավարի այցը սկսած է Յունաստանի Հայ Աւետարանական եկեղեցի եւ շարք մը հայկական ուսումնական հաստատութիւններ, մասնաւորապէս, «Գալփաքեան» ու «Զաւարեան» վարժարաններ այցելութիւններով, ուր նախարարը ծանօթացած է անոնց գործունէութեան եւ շփուած սաներուն հետ։

Նոյն օրը Կարէն Միրզոյեան Յունաստանի Հայոց ազգային առաջնորդարանէն ներս հանդիպած է Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանի եւ Յունահայոց ազգային վարչութեան անդամներուն հետ։ ԱԳ նախարարը ներկայացուցած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, ինչպէս նաեւ Արցախի ՊԲ եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին տիրող իրադրութիւնը եւ պատասխանած ներկաներու կողմէ բարձրացուած հարցերուն։
