Մայիս 28-ին Հայաստանը կը նշէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրը:
103 տարի առաջ՝ 28 մայիսին մեր պետութեան հիմքը դրուեցաւ: Երբ Ղարաքիլիսայի, Բաշ-Ապարանի եւ Սարդարապատի մօտ տեղի ունեցած ճակատամարտերուն յաղթանակելով թրքական բանակին, հայկական զօրքերը կրցան կասեցնել թրքական ներխուժումը Անդրկովկաս եւ փրկել Հայաստանը լիակատար ոչնչացումէ:
Հայկական հանրապետութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութիւնը) հռչակուեցաւ «Հայկական ազգային խորհուրդի» կողմէ 1918 թուականի 28 մայիսին, Թիֆլիսի մէջ` Անդրկովկասեան ժողովրդավարական դաշնային հանրապետութեան փլուզումէն ետք:
Ընդունուած հռչակագիրին մէջ ըսուած էր. «Անդրկովկասի քաղաքական ամբողջութեան լուծումով եւ Վրաստանի ու Ատրպէյճանի անկախութեան հռչակումով ստեղծուած նոր դրութեան հանդէպ Հայոց ազգային խորհուրդն իրեն կը յայտարարէ հայկական գաւառներու գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն»:
29 Մայիսին ՀՅԴ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Բիւրոյի նիստը Յովհաննէս Քաջազնունին նշանակեց անկախ Հայաստանի առաջին վարչապետ, մայրաքաղաքը դարձաւ Երեւանը, վերջին վարչապետը Սիմոն Վրացեանն էր:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունեցաւ ընդամէնը երկու տարի, մինչեւ 1920 թուականի 2 դեկտեմբեր, երբ Երեւան մտան 11-րդ Կարմիր բանակի զօրամասերը եւ հանրապետութիւնը խորհրդայնացուեցաւ: 1991 թուականին Հայկական ԽՍՀ-ն անկախութիւն հռչակեց եւ խորհրդարանը 28 մայիսը սահմանեց որպէս ոչ աշխատանքային օր:
Թէեւ իր երկամեայ, կարճ գոյութեան, Առաջին հանրապետութիւնը սերմանեց պետական մտածողութիւն, դարձաւ հայապահպանութեան եւ ազգի շարունակականութեան կենսական գործօնը։
Հանրապետութեան օրը պաշտօնապէս կը նշուի 1992 թուականէն: Իսկ 1996 թ. 21 փետրուարին ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ ընդունուած «Հայաստանի հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքով մայիս 28-ը Առաջին Հանրապետութեան օրն է:
Սարդարապատի հերոսներուն նուիրուած յուշարձանը կառուցուած է 1968 թուականին: