image
Հրատապ լուրեր:

Յունաստանի ՀՅԴ երիտասարդութիւը պատնէշի վրայ. Բողոքի ցոյց Ատրպէյճանի դեսպանութեան դիմաց

Յունաստանի ՀՅԴ երիտասարդութիւը պատնէշի վրայ. Բողոքի ցոյց Ատրպէյճանի դեսպանութեան դիմաց

Յունաստանի ՀՅԴ երիտասարդութիւնը օրերս բողոքի ցոյց մը կատարած է մայրաքաղաք Աթէնքի Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց։

Այս  մասին իմացանք Աթէնքի մեր պաշտօնակից ՝ «Ազատ  օր»էն։

Աղբիւրը  մասնաւորապէս  կը գրէ, թէ Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ, Չորեքշաբթի՝ 26 Մայիսի երեկոյեան, բողոքի հաւաք մը կազմակերպեցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները, դատաարտելու համար Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները։

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդկան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները, փոխն ի փոխ բարձրախօսը վերցնելով, յոյն հանրային կարծիքին առջեւ ներկայացուցին Սիւնիքի մէջ Ատրպէյճանի ներխուժման փորձերը եւ անոր շարունակական յարձակողապաշտութիւնը Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդին դէմ, խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի սահմաններէն ներս Ատրպէյճանի ռազմային ուժերու ներխուժումը, եւ պահանջելով հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։ Իրենց խօսքերուն մէջ, երիտասարդականի ընկերները անդրադարձան Ատրպէյճանի ոճրագործութիւններուն, Արցախի ու Հայաստանի դէմ շարունակուող բռնարարքներուն, միջազգային օրէնքներու կոպիտ խախտումներուն, հայութեան դէմ անվերջ սպառնալիքներուն։

Յունաստանի հանրային կարծիքը եւ քաղաքական շրջանակները լաւապէս տեղեակ են Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութենէն, այնպէս ինչպէս լրիւ պարզուեցաւ Արցախի քառասունչորս օրուայ պատերազմին ընթացքին, եւ անկէ ետք առնուած սադրիչ քայլերով։

Խօսք եղաւ օրեր առաջ Եւրոպական Խորհրդարանի լիագումար նիստէն որդեգրուած բանաձեւումին եւ անկէ բխող ազդարարութիւններուն, որ Եւրոպական Խորհրդարանը ուղղած է Ատրպէյճանին։

Հաւաքի մասնակից երիտասարդ ընկերները պաստառներ եւ փլաքաթներ պատրաստած էին, ուր արձանագրուած էին լոզունգներ յունարէն եւ անգլերէն լեզուներով։

Ցոյցի ամբողջ տեւողութեան, ուժական ոճով եւ պահանջատիրական լոզունգներով պահանջուեցաւ հայ գերիներու ազատ արձակումը, որը անյապաղօրէն գործադրելու պարտաւոր է Ատրպէյճանը։