Սուրիոյ պատերազմին մասնակից ահաբեկչական խմբաւորումներ այսօր թիրախ դարձուցած են «Հըմէմին» ռազմական օդակայանը։
Այս մասին լուրը հաղորդեց «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած են տասնեակ զինուորներ ու կան նաեւ նիւթական մեծ վնասներ։
Յիշեցնենք, որ Լաթաքիոյ մերձ գտնուող «Հըմէմին» օդակայանը կը համարուի Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական զօրքերու կարեւորագոյն ռազմական օդակայանը։