image

Արմէն Գրիգորեան եւ Լուի Պոնո քննարկած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը

Արմէն Գրիգորեան եւ  Լուի Պոնո քննարկած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը

Յունուար 8-ին անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը հանդիպած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուի Պոնոյի հետ։

Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն հաղորդած են, որ հանդիպման քննարկուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ու ատոնց շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:

«Արմէն Գրիգորեանը մէկ անգամ եւս վերահաստատել է հայկական կողմի յանձնառութիւնը տարածաշրջանում հաստատելու երկարատեւ եւ համապարփակ խաղաղութիւն»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։