Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան օրերս ընդունած է վաստակաւոր երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը՝ ջերմ հանդիպումի մը ընթացքին անդրադառնալով անոր երկարամեայ վաստակին եւ հայ երաժշտական կեանքին բերած նշանակալի ներդրումին։
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, Ուրբաթ 13 Նոյեմբեր 2026-ին առաւօտեան, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, ընդունեց վաստակաւոր արուեստագէտ եւ երաժշտական Յարութ Փամպուքճեանը, կը տեղեկանանք առաջնորդարանէն։
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան հայրը վերյիշեց հին յուշերը Յարութին հետ, որոնք սկիզբ արած էին 2011 թուականէն ի վեր Լոս Անճելըսի մէջ, ապա անդրադարձաւ իր երաժշտական բարձրորակ վաստակին եւ ունեցած դերակատարութեան հայկական ընկերութեան կեանքէն ներս, յայտնելով որ բոլոր տարիքներուն սիրելի, մատչելի եւ հարազատ երաժշտութիւն ներկայացնելը:
Իր կարգին Պրն. Փամպուքճեան ուրախութիւնը յայտնեց Սրբազան հօր ընդունելութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի այցելութեան, յայտնելով որ իր սրտին մօտիկ կը դուի միշտ հանդիպում ունենայ եկեղեցականներու հետ եւ յաճախել եկեղեցի, գնահատելով Ազգային Առաջնորդարանի տարածաշրջանէն ներս տարած գործունէութիւնը:
Հանդիպման ներկայ էին Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տէր Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանը, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Բագրատ Պալապանեանը եւ Տիկ. Դալար Թօփալեանը:
Նշենք, որ Ազգային Վարչութեան հրաւէրով Կիրակի 15 Նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան Յարութ Փամպուքճեանը ելոյթ պիտի ունենայ Տուպայի մէջ:


1.jpeg)
