Հայաստանի մէջ իր կեանքը աւարտեց բնիկ լիբանանահայ Ռաֆֆի Մխճեանը՝ այն հայրենասէր հայորդիներէն մէկը, որոնք ոչ միայն սիրեցին Հայաստանը, այլեւ իրենց գիտելիքներով, աշխատանքով եւ նուիրումով լծուեցան հայրենիքի շինութեան գործին։
Խորհրդային Հայաստանի մէջ ուսանելէ ետք՝ Ռաֆֆի Մխճեան իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայրենիքին՝ արձանագրելով տնտեսական կարեւոր իրագործումներ եւ իր գործունէութեամբ նպաստելով Հայաստանի արտադրական ու արտահանման ոլորտներու զարգացման։
Որպէս յաջողակ գործարար՝ ան ստանձնեց Հայաստանի արտահանողներու միութեան նախագահի պատասխանատու պաշտօնը։ Տարբեր առիթներով հանրութեան ներկայացուց ոլորտին դիմագրաւած դժուարութիւնները, բարձրաձայնեց արտադրողներու մտահոգութիւնները եւ հանդէս եկաւ համապատասխան լուծումներու ու գործնական առաջարկներու պաշտպանութեամբ։
Ռաֆֆի Մխճեան միայն գործարար մը չէր, որ իր անձնական յաջողութիւնը գտած էր հայրենիքի մէջ։ Ան նաեւ այն մարդոցմէ էր, որոնք կը հաւատային, թէ Հայաստանի տնտեսական ապագան պէտք է կառուցուի սեփական արտադրութեան, արտահանման եւ տեղական արտադրողին պաշտպանութեան վրայ։
Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան նախօրեակին, ան հրապարակաւ արտայայտած էր իր մտահոգութիւնները՝ զգուշացնելով, որ մեծ շուկաներու մէջ գործող հզօր արտադրողները կրնան ճնշել հայաստանեան արտադրողը։ «ԵՏՄ-ն դրախտ չէ», ըսած էր ան՝ կոչ ուղղելով իրատես ըլլալու եւ չտարուելու անհիմն ակնկալիքներով։ Այս խօսքերը կը վկայեն, թէ որքանով ան կը հետեւէր Հայաստանի տնտեսական կեանքին եւ կը մտահոգուէր տեղական արտադրութեան ապագայով։
Անոր մահուան առիթով ցաւակցական հաղորդագրութիւն հրապարակած է նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի Հայաստանի վարչութիւնը՝ յիշելով Ռաֆֆի Մխճեանի տարիներու նուիրումը եւ աջակցութիւնը, յատկապէս միութեան ֆանֆարի զարգացման ու բարգաւաճման գործին մէջ, որուն գլխաւոր բարերարներէն մէկը եղած էր։
Ռաֆֆի Մխճեանի կորուստը կը նշանակէ հայրենիքին ծառայելու իր սեփական ուղին ընտրած սփիւռքահայու մը կորուստը։ Մարդ մը, որ Հայաստան եկաւ ոչ միայն իր անցեալով ու յուշերով ապրելու, այլեւ իր աշխատանքով, նախաձեռնութիւններով եւ ներդրումներով հայրենիքի ներկային ու ապագային մասնակից դառնալու համար։
Խորին ցաւակցութիւններ՝ իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցան ու գնահատեցին զինք։