Կիպրահայ կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերն ունեցած հանգուցեալ գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Լ. Աշճեանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած հատորը պիտի ներկայացուի Նիկոսիոյ մէջ
Աշճեան ընտանիքի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած հատորը պիտի լուսաբանէ Կիպրոսի հայ համայնքին երկար տարիներ ծառայած պետական ներկայացուցչին կեանքն ու գործունէութիւնը՝ անդրադառնալով անոր ազգային եւ հասարակական վաստակին։
Շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 27 Նոյեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Նիկոսիոյ Նարեկ Հայկական Վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։
Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեան երկար տարիներ ծառայած է Կիպրոսի հայ համայնքին՝ որպէս Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան մէջ համայնքի պետական ներկայացուցիչ։ Անոր գործունէութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Կիպրոսի հայութեան հասարակական եւ ազգային կեանքի պատմութեան մէջ։
Աշճեան ընտանիքի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած հատորը պիտի ներկայացնէ անոր կենսագրութիւնն ու հասարակական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ այն ներդրումը, զոր ան ունեցած է Կիպրոսի հայ համայնքի կեանքին մէջ։
Շնորհահանդէսը պիտի կատարուի հայերէն եւ յունարէն լեզուներով։ Գիրքը պիտի ներկայացնէ Ճօրճ Արապաթլեան։ Ձեռնարկին ընթացքին խօսք պիտի առնեն հատորի խմբագիր՝ Եղիա Գայեայեան, յունարէն բաժնի համադրող Կատերինա Ստեֆանու, Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին ներկայացուցիչը։ Յայտագրին մաս պիտի կազմէ նաեւ գեղարուեստական բաժին մը, որուն պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն։
Նշենք, որ հատորը վաճառքի համար նախատեսուած չէ։ Նիկոսիոյ շնորհահանդէսէն ետք զայն Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ եւս ներկայացնելու ծրագիր կայ։ Նման ձեռնարկներ կազմակերպելու առաջարկներ ստացուած են նաեւ Աթէնքէն եւ Լոնտոնէն։
Շնորհահանդէսին մասնակցիլ փափաքողները կրնան իրենց ներկայութիւնը հաստատել հետեւեալ յղումով՝
https://forms.gle/t2NR6RUVLCs83uo48