Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Տաւիտ Վատեֆուլը հանդիպում ունեցած են ընդլայնուած կազմով, որու ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանա-գերմանական յարաբերութիւններու ներկայիս վիճակը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանա-գերմանական յարաբերութիւններու ներկայիս վիճակը, երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հիմնական հարցերը։
Նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային հարցերու, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջածիրէն ներս համագործակցութեան հարցերու շուրջ։
Ճէյհուն Պայրամովը տեղեկացուցած է «բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներու մէջ» կատարուող վերականգնողական աշխատանքներու, նախկին հարկադիր վերաբնակներու վերադարձի եւ ականային սպառնալիքի հետ կապուած դժուարութիւններու մասին»։