image

ՍԴՀԿ Նորընտիր Վարիչ Մարմնի պատուիրակութեան այցը՝ Հոգեւոր Տիրոջ

ՍԴՀԿ Նորընտիր  Վարիչ Մարմնի  պատուիրակութեան այցը՝ Հոգեւոր Տիրոջ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Պատրիարք Տէրը յաջողութիւն մաղթեց ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի նորընտիր Վարիչ մարմինին եւ Կեդրոնական նորակազմ վարչութեան։

Իր կարգին, կուսակցութեան պատուիրակութիւնը վերահաստատեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հանդէպ իր որդիական հաւատարմութիւնը եւ շեշտեց տարիներու համագործակցութիւնը շարունակելու եւ զարգացնելու իր յանձնառութիւնը։

Օրերս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի նորընտիր Վարիչ մարմինը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Վանիկ Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ ՍԴՀԿ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանի, Ժէյթաուիի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանին հետ։

Տեսակցութիւնը նախ առիթ էր ստանալու Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկելու հոգեւոր եւ հայութիւնը յուզող հարցեր՝ Հայաստանի եւ սփիւռս աշխարհի մէջ:

Ընկ. Տագէսեան ներկայացուց նորընտիր Վարիչ մարմինի անդամները, իսկ ընկ. Քէօշկէրեան՝ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմը։

Շատ մտերիմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ ընթացած քննարկումը կեդրոնացաւ Լիբանանն ու Հայաստանը յուզող հարցերուն վրայ։ Արծարծուեցան դաւանանքային եւ կրօնական հարցեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանը դիմագրաւող այլեւայլ խնդիրներ։

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Պատրիարք Տէրը յաջողութիւն մաղթեց ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի նորընտիր Վարիչ մարմինին եւ Կեդրոնական նորակազմ վարչութեան։ Իր կարգին, կուսակցութեան պատուիրակութիւնը վերահաստատեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հանդէպ իր որդիական հաւատարմութիւնը եւ շեշտեց տարիներու համագործակցութիւնը շարունակելու եւ զարգացնելու իր յանձնառութիւնը։