image

Ռուս- Վրացական ճանապարհին բարդութիւններ.Պատճառը եղանակային պայմաններն են

Ռուս- Վրացական ճանապարհին բարդութիւններ.Պատճառը եղանակային  պայմաններն են

 

Ձիւն տեղալուն եւ մերկասառոյցին պատճառով սահմանափակուած է ծանրաքաշ բեռնատարներու երթեւեկութիւնը դէպի ռուս-վրացական սահման տանող ճամբուն մէկ հատուածին մէջ, կը հաղորդէ «Սփութնիք Վրաստան»ը։

Արգելքը կը գործէ Մցխեթա-Ստեփանծմինտա-Լարս միջազգային նշանակութեան մայրուղիի Կուտաուրի-Կոպի հատուածին մէջ՝ 93-րդէն մինչեւ 107-րդ քիլոմեթրը։

Մլեթա-Կուտաուրի եւ Կուտաուրի-Կոպի հատուածներուն մէջ այլ փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը կը կատարուի առանց սահմանափակումներու։

Միաժամանակ, Կուտաուրի-Կոպի հատուածին մէջ երթեւեկութիւնը արտօնուած է միայն ձիւնահոսքերէ պաշտպանող թունելներով։