Չլուծուած մարդասիրական հարցերը պէտք է քննարկուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներու ծիրէն ներս։ Գերիներու հարցի լուծումը նախապայման է: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին առեւտուրի եւ ներդրումային գրաւչութեան հարցերով լիազօր-նախարար Նիքոլա Ֆորիսյէն՝ պատասխանելով Ծերակոյտի անդամ Մարի-Առլեթ Քարլոթիի՝ Ատրպէյճան պահուող հայ գերիներու մասին հարցին:
Մարսէյլէն ընտրուած ծերակուտական Քարլոթիին հարցը վերաբերած է բռնի տեղահանուած արցախցիերուն Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան եւ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայերու ճակատագիրին:
«Այս տարուան 5 փետրուարին, Պաքուի ռազմական դատարանը դատապարտած է 15 հայեր, որոնցմէ հինգին՝ ցմահ ազատազրկման։ Քանի մը օր անց Ռուբեն Վարդանեանը դատապարտուած է 20 տարուան ազատազրկման։ Amnesty International-ը դատապարտած է արդար դատաքննութեան երաշխիքներու լուրջ խախտումները, իսկ Human Rights Watch-ը՝ բժշկական օգնութեան հասանելիութեան եւ ընտանիքներու հետ կապի սահմանափակումները։ Ի՞նչ նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գաք եւրոպացի գործընկերներուն հետ, որպէսզի խաղաղութեան գործընթացը ներառէ գերիներու ազատ արձակման եւ տեղահանուածներու ազատ ընտրութեան, մասնաւորապէս՝ վերադարձի իրաւունքի ապահովման հարցերը»,- հարցուցած է ծերակուտականը:
«Չլուծուած մարդասիրական հարցերը պէտք է քննարկուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներու ծիրէն ներս։ Մենք կ'ողջունենք այս տարուան 14 յունուարին չորս գերիներու վերադարձը Հայաստան եւ կոչ կ'ընենք ազատ արձակելու կամայականօրէն կալանաւորուած բոլոր անձերը։ Յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին արձանագրուած առաջընթացը Հարաւային Կովկասին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւն կը ստեղծէ։ Մենք կը խրախուսենք երկու կողմերը կատարելու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները։ Գերիներու հարցի լուծումը նախապայման է»,- ի պատասխան յայտարարած է նախարար Ֆորիսյէն։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ֆրանսան յստակ դատապարտած է Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ ափսոսանք յայտնած տարածաշրջանի հայ բնակչութեան գրեթէ ամբողջական հեռանալու կապակցութեամբ։
«Մենք ցուցաբերած ենք ամենամեծ մարդասիրական աջակցութիւն տեղահանուածներու ընդունման հարցով։ Յատկացուող միջոցները կը յարմարեցուին առկայ կարիքներուն՝ մարդասիրական եւ արդիւնաւէտ աջակցութիւն ապահովելու նպատակով։ Ֆրանսան կը կարեւորէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ 2023 թուականի 17 նոյեմբերին սահմանած ժամանակաւոր միջոցներու կատարումը։ Բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան վերադառնալ իրենց բնակութեան վայրեր, պէտք է հնարաւորութիւն ունենան այդ մէկը ընելու ազատ եւ անվտանգ պայմաններու տակ»,-աւելցուցած է նախարարը: