Թուրքիոյ եւ եւս 14 երկրի արտաքին գործոց նախարարներ ողջունած են Մեծն Բրիտանիոյ եւ Աւստրալիոյ կողմէ սահմանուած պատժամիջոցները՝ կապուած պաղեստինեան տարածքներուն մէջ իսրայէլեան բնակավայրերու կառուցման աշխատանքներուն։ Անոնք յոյս յայտնած են, որ այլ երկիրներ եւս պիտի հետեւին անոնց օրինակին։ Այս մասին նշուած է նախարարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ։
Աւելի վաղ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի բնակավայրերուն մէջ կառուցապատման աշխատանքներով զբաղող իսրայէլեան ութ շինարարական ընկերութիւններու դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին։ Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն՝ այդ բնակավայրերը ապօրինի կը համարուին։
«Արտաքին գործոց նախարարները կ՚ողջունեն Մեծն Բրիտանիոյ եւ Աւստրալիոյ կառավարութիւններու որոշումները՝ ի պատասխան բռնագրաւուած պաղեստինեան տարածքներուն մէջ իսրայէլեան ապօրինի բնակավայրերու կառուցման գործունէութեան պատժամիջոցներ սահմանելու վերաբերեալ, ներառեալ՝ բնակավայրերու շինարարութեան մասնակցող ընկերութիւններուն դէմ միջոցառումները», նշուած է փաստաթուղթին մէջ, որուն բնագիրը հրապարակած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Յայտարարութեան միացած են Թուրքիան, Ալճերիան, Եգիպտոսը, Ինտոնեզիան, Յորդանանը, Քուէյթը, Լիպիան, Մալտիւները, Նիկերը, Փաքիստանը, Պաղեստինը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Սոմալին եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ Նախարարները ողջունած են նաեւ Կազայի հատուած մարդասիրական օգնութեան առաքումը խոչընդոտող կազմակերպութեան դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու Լոնտոնի որոշումը։
Յայտարարութեան մասնակիցները իրենց աջակցութիւնը յայտնած են բնակավայրերու կառուցման եւ ընդլայնման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ բռնակցման քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղուած միջազգային միջոցառումներուն։ Անոնք անգամ մը եւս դատապարտած են բռնագրաւուած Արեւելեան Երուսաղէմէն դէպի արեւելք բնակավայրեր կառուցելու ծրագիրն ու ատոր առնչուող գործողութիւնները։
Արտաքին գործոց նախարարները յոյս յայտնած են, որ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Աւստրալիոյ որոշումները պիտի խրախուսեն այլ երկիրներ եւս՝ նմանօրինակ միջոցառումներ ձեռնարկելու։