Ազգային յիշողութիւնն ու հոգեւոր արարողութիւնները ոչ միայն անցեալի հերոսական էջերը ոգեկոչելու պատեհութիւն են, այլեւ՝ ներկայ հանգրուանին մեր հաւաքական ընթացքը իմաստաւորելու հրաւէր։
Այս առիթով, լիբանանահայ ազգային-քաղաքական գործիչ Վանիկ Տագէսեան անդրադարձած է Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակաց յիշատակին նուիրուած արարողութեան խորհուրդին՝ ընդգծելով օրուան պատգամը.
«Միասնականութիւնը խօսք չէ միայն, այլ՝ ներկայութիւն, պատրաստակամութիւն, գուրգուրանք, հաւասարակշռութիւն եւ անկեղծ վերաբերմունք։ Միասնականութիւնը կողմնակցութիւն չընել է, խտրականութիւն չդնել է, բոլորին հաւասար աչքով նայիլ է, հարազատութիւն զգալ ու զայն ապրիլ։ Ան հայրական հոգածութիւն է, օրինակելի ազգասիրութիւն, հայրենասիրութիւն եւ հաւատարմութիւն՝ Աստուծոյ, մեր ժողովուրդին, մեր հաւատքին ու մեր ազգային արժէքներուն հանդէպ։
Այսօր, երբ մեր ժողովուրդը աւելի քան երբեք կարիքը ունի համերաշխութեան եւ իրարու մօտենալու, մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս անկեղծ խօսքը, հոգեւոր ներկայութիւնն ու ազգային յիշողութիւնը կրնան միաւորել մեզ՝ մեր պատմութեան, մեր նահատակներուն եւ մեր հաւաքական արժէքներուն շուրջ։
Մեծապէս շնորհակալ ենք Հայր Աբրահամ Ճուլֆայեանին՝ Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն հոգիներուն հանգստեան համար մատաղի օրհնութեան եւ Սուրբ Պատարագի մատուցման, ինչպէս նաեւ մեր հերոսներուն յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան համար։
Հաճնոյ հերոսամարտը մեր ժողովուրդին աննկուն կամքին, ազատութեան ձգտումին եւ հաւաքական դիմադրութեան փառաւոր էջերէն մէկն է։ Մեր հերոսները իրենց կեանքով ապացուցեցին, որ հաւատքը, հայրենասիրութիւնը եւ ազգային միասնութիւնը կրնան դառնալ ժողովուրդի մը գոյատեւման ու յաղթանակի ամուր հիմքը։
Մեր հոգեւոր առաջնորդներուն կոչումն է ըլլալ ամբողջ ժողովուրդին հայրը՝ առանց խտրութեան, առանց կողմնակցութեան, սիրով ու արդարութեամբ գրկելու բոլորը։ Եկեղեցին պէտք է ըլլայ միութեան կամուրջ, հաւատքի տուն եւ ազգային միասնականութեան կենդանի խորհրդանիշ։
Միայն միասին կրնանք պահպանել մեր ինքնութիւնը, պատուել մեր նահատակներուն յիշատակը եւ մեր սերունդներուն փոխանցել այն արժէքները, որոնց համար մեր նախնիները պայքարեցան ու զոհուեցան։
Փա՜ռք Հաճնոյ հերոսներուն։ Յաւերժ յարգանք մեր նահատակներուն յիշատակին»։