Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը նոյեմբեր 23-ին պիտի հրապարակէ ՀՀ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը։
Ազգային ժողովի ամպիոնէն այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Ուզում եմ տեղեկացնել, որ երկուշաբթի Արդարադատութեան նախարարութիւնը կը հրապարակի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը, եւ ես ուղերձով կը դիմեմ ժողովրդին»,-ըսած է ՀՀ վարչապետը։