image
Հրատապ լուրեր:

Մարք Չենեան. Սփիւռքի ներուժը պէտք է վերածել Հայաստանի հզօրացման ուժի

Մարք Չենեան. Սփիւռքի ներուժը պէտք է վերածել Հայաստանի հզօրացման ուժի

Սփիւռքի իրական ներուժը միայն անոր մէջ գործող յաջողակ անհատներու թիւով չի չափուիր, այլեւ՝ այդ յաջողութիւնները համազգային նպատակի ծառայեցնելու կարողութեամբ։ Միջազգային ասպարէզի մէջ հայերու ձեռք բերած նուաճումները, մասնագիտական փորձառութիւնն ու մտաւոր ներուժը կրնան կարեւոր դեր ունենալ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ, եթէ անհատական յաջողութիւնը վերածուի հաւաքական ձեռքբերումի։ Այս հարցը իր խօսքին առանցքը դարձուցած է ամերիկահայ ներդրումային միջոցներու կառավարիչ Մարք Չենեան՝ անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան եւ անոր առջեւ բացուող հնարաւորութիւններուն։

Մարք Չենեանի խօսքով՝ սփիւռքահայութեան մօտ անհրաժեշտ է աւելի յստակօրէն ներկայացնել հայրենիք եւ պետութիւն հասկացութիւններու տարբերութիւնը։

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այսօրուան ելոյթը կեդրոնացած էր հայրենիքի եւ պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն վրայ։ Ընդհանուր առմամբ, սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս այս երկու հասկացութիւններու իմաստային տարբերութեան առումով, բաւարար պատկերացում չունի։ Չափազանց կարեւոր է գիտակցիլ, որ պետութիւնը մէկ հասկացութիւն է, իսկ հայրենիքը՝ բոլորովին այլ։ Այս սահմանումներուն յստակեցումն ու արմատաւորումը սփիւռքահայութեան մօտ առաջնահերթ նշանակութիւն ունին», ընդգծած է ան՝ նկատի ունենալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը գագաթնաժողովի բացման ընթացքին, որուն ժամանակ Փաշինեան ներկայացուցած էր «Իրական Հայաստանի» գաղափարախօսութիւնը։

Անդրադառնալով գագաթնաժողովէն ունեցած ակնկալիքներուն՝ Չենեան կարեւորած է Հայաստանի մէջ միջազգային բարձր մակարդակի ձեռնարկներու կազմակերպումը՝ այս առումով յիշատակելով նաեւ COP17 համաժողովը։

«Նման գագաթնաժողովները չափազանց կարեւոր են եւ մեծ յաջողութիւն Հայաստանի համար։ Միջազգային բարձր մակարդակի նման հաւաքներ հիւրընկալելը եւ անոնց ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտուիլը մեծ նշանակութիւն ունին։ Կը յուսամ, որ յառաջիկայ երեք օրերուն այս գործընթացը պիտի շարունակուի, եւ Հայաստանն ու Սփիւռքը պիտի օգտուին իրարու ներուժէն։ Այս է իմ հիմնական ակնկալիքը», նշած է ան։

Խօսելով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման իր պատկերացումներուն մասին՝ Չենեան ընդգծած է, որ Սփիւռքի մէջ կան բազմաթիւ յաջողակ հայեր, սակայն անոնց անհատական նուաճումները միշտ չէ, որ կը վերածուին համազգային յաջողութիւններու։

«Սփիւռքի մէջ կան անհատներ, որոնք իրենց գործունէութեան մէջ չափազանց յաջողակ են։ Սակայն, դժբախտաբար, սփիւռքահայութիւնը չէ յաջողած այդ անհատական յաջողութիւնները վերածել ազգային յաջողութեան։ Այսօր մենք ունինք հայրենիք եւ պետութիւն, եւ պետութիւնն է որ կրնայ դառնալ լաւագոյն միջոցը, որուն շնորհիւ արտերկրի մէջ յաջողութիւններու հասած հայերը պիտի կարենան իրենց ներդրումը ունենալ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ», ըսած է ան։

Չենեան շեշտած է, որ այդ ներդրումը պարտադիր չէ, որ միայն նիւթական բնոյթ կրէ։ Այն կրնայ արտայայտուիլ նաեւ մասնագիտական գիտելիքներու, մտաւոր ներուժի եւ տարբեր ոլորտներու մէջ ձեռք բերուած փորձառութեան փոխանցմամբ։

Անոր համոզմամբ՝ Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովի նման ձեռնարկները կրնան հիմք ստեղծել սփիւռքահայութեան ներուժը համախմբելու եւ զայն Հայաստանի զարգացման ուղղելու համար։

«Այսպիսի հաւաքները կրնան ստեղծել անհրաժեշտ հիմքը, որ հետագային, ճիշդ օգտագործուելու պարագային, պիտի վերածուի շօշափելի արդիւնքի։ Ինչպէս որ խմորը հմուտ ձեռքերու մէջ կրնայ հաց դառնալ, նոյնպէս ալ այս հանդիպումներուն ընթացքին ձեւաւորուած կապերն ու գաղափարները կրնան արդիւնաւէտ արդիւնքներ ապահովել։ Սա է իմ ակնկալիքը», եզրափակած է Մարք Չենեան։

 

Նիւթը՝ «Արմէնփրես»էն