Անթալիոյ մէջ, COP31-ի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցող Առաջնորդներու գագաթնաժողովի ընթացքին, հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի միջեւ։
Թուրքիոյ նախագահը ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը Անթալիա եւ մասնակցութիւնը՝ Առաջնորդներու գագաթնաժողովին։
Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է նախագահ Էրտողանը՝ ձեռնարկի յաջող կազմակերպման առիթով։
Փաշինեան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է Իզմիրի մետաղագործական գործարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով արձանագրուած զոհերու առնչութեամբ։
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ընդգծած զայն առաջ մղելու ու տրամաբանական աւարտին հասցնելու կարեւորութիւնը։ Այս առումով, կողմերը կարեւոր նկատած են մինչեւ այժմ իրականացուած քայլերն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ աշխուժացումը։
Միտքերու փոխանակում կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ընդգծած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման իրողութիւնը՝ նշելով, որ այն նոր ազդակ հաղորդած է տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, ներառեալ՝ TRIPP նախագիծի իրականացման ուղղուած քայլերուն։