image

Ալեն Սիոնեան կարեւոր մանրամասններ ներկայացուց ատրպէյճանեան կեցուածքներուն մասին 

Ալեն Սիոնեան կարեւոր մանրամասններ ներկայացուց ատրպէյճանեան կեցուածքներուն մասին 

Հանդիպումներու ժամանակ անոնք չեն ըսեր, որ ասիկա պահանջ է, կ՚ըսեն՝ ձեր գործն է, կ՚ուզէք՝ ըրէք, կ՚ուզէք՝ մի՛ ընէք, պարզապէս, խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար կարեւոր է սա, կրնանք նաեւ ապրիլ առանց խաղաղութեան պայմանագիրի, իսկ մենք կը համարենք, որ այդ անհրաժեշտ է, Հանրային հեռատեսիլի եթերին յայտարարած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեան՝ խօսելով Սահմանադրութիւնը փոխելու Ատրպէյճանի պահանջին մասին։

«Մեր համար Ջաւախքը կարեւո՞ր է, Արեւմտեան Հայաստան հասակացողութիւնը կարեւո՞ր է, Լեռնային Ղարաբաղը կարեւո՞ր է, դա մեր քաղաքական օրակա՞րգն է, եթէ այո, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը որտե՞ղ է սկսւում եւ աւարտւում, եւ ինչի՞ մասին է այդ Անկախութեան հռչակագիրը», նշած է ան։