Յունուար 8-ին անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը հանդիպած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուի Պոնոյի հետ։
Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակէն հաղորդած են, որ հանդիպման քննարկուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ու ատոնց շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:
«Արմէն Գրիգորեանը մէկ անգամ եւս վերահաստատել է հայկական կողմի յանձնառութիւնը տարածաշրջանում հաստատելու երկարատեւ եւ համապարփակ խաղաղութիւն»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։