image

Ոչ եւս է Գրիգոր Շիմշիրեան. Կեանք մը նուիրումի եւ մարդասիրութեան

 Ոչ եւս է Գրիգոր Շիմշիրեան. Կեանք մը նուիրումի եւ մարդասիրութեան

Հայաստան ժամանած էր հարսանիքի մը մասնակցելու նպատակով։ Սակայն ուրախ առիթի մը համար կատարուած այս այցելութիւնը անակնկալ կերպով եղաւ իր վերջին ճամբորդութիւնը։ Ան քնացաւ եւ այլեւս չարթնցաւ՝ իր մահկանացուն կնքելով Հայաստանի մէջ։

Իր վերջին այցելութիւններէն մէկը եղած է Օշական, ուր կը հանգչի հայոց այբուբենի ստեղծիչ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը։ Խորհրդանշական կանգառ մը՝ իր կեանքի վերջին ճամբուն ընթացքին։

 

Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան հիմնադիր անդամներէն, հաւատաւոր կուսակցական եւ նուիրեալ գաղափարական Գրիգոր Շիմշիրեան յանկարծամահ  եղած է Հայաստանի մէջ։

Գրիգոր Շիմշիրեանին կեանքը եղած է աշխատասիրութեան, նուիրումի եւ մարդասիրութեան օրինակ մը։ Տասնմէկ տարեկան հասակին հօրը կորուստը կրելով՝ ան մօր կողքին ստանձնած է ընտանիքին հոգը, աջակցած իր երեք քոյրերուն եւ եղբօր եւ իր աշխատանքով ու ինքնաշխատութեամբ կերտած իր կեանքի ուղին։

Պատանի տարիքէն միացած ըլլալով  ՍԴՀնչակեան կուսակցութեան՝ իր գաղափարակից ընկերներուն հետ հիմնած է «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութիւնը։ Սակայն իր նուիրումը չէր սահմանափակուեր կուսակցական ու կազմակերպական կեանքով։ Ան իր շրջապատին մէջ եղած է հոգատար ու վստահելի ընկեր մը, որուն կարելի էր դիմել դժուար պահերուն։

Կարիքաւոր ուսանողներու կրթաթոշակները հոգալով եւ անոնց ուսումը շարունակելու հնարաւորութիւն ընծայելով՝ Գրիգոր Շիմշիրեան բազմաթիւ երիտասարդներու կեանքին մէջ դրական հետք ձգած է։ Իրեն համար օգնութիւնը պարզապէս նիւթական աջակցութիւն մը չէր, այլ մարդկային պարտաւորութիւն։ Շատերու համար ան եղած է մեծ եղբայր, հոգատար հայրական կերպար մը՝ սիրով «պապա» կոչուած։

Ան ունէր երկու զաւակ՝ Ալեք եւ Սեւակ, եւ հինգ թոռնիկ՝ Գրիգոր, Հրակ, Արամ, Սարին եւ Ալին, որոնք իր կեանքին մեծագոյն ուրախութիւններէն էին։

Հայաստան ժամանած էր հարսանիքի մը մասնակցելու նպատակով։ Սակայն ուրախ առիթի մը համար կատարուած այս այցելութիւնը անակնկալ կերպով եղաւ իր վերջին ճամբորդութիւնը։ Ան քնացաւ եւ այլեւս չարթնցաւ՝ իր մահկանացուն կնքելով Հայաստանի մէջ։

Իր վերջին այցելութիւններէն մէկը եղած է Օշական, ուր կը հանգչի հայոց այբուբենի ստեղծիչ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը։ Խորհրդանշական կանգառ մը՝ իր կեանքի վերջին ճամբուն ընթացքին։

Գրիգոր Շիմշիրեան կը հեռանայ՝ իր ետին թողնելով ոչ միայն վշտահար ընտանիք մը եւ սգակիր ընկերներ, այլեւ իր աջակցութեամբ ու հոգատարութեամբ զօրացած բազմաթիւ կեանքեր։ Անոր կատարած բարի գործերը եւ մարդասիրական վաստակը պիտի շարունակեն ապրիլ զինք ճանչցողներուն յիշողութեան մէջ։

«Արեւելք»ը իր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին ընտանիքին, զաւակներուն, թոռնիկներուն, հարազատներուն, եւ գաղափարի ընկերներուն բաժնելով անոնց վիշտը։

Թող Գրիգոր Շիմշիրեանի յիշատակը լուսաւոր մնայ, իսկ անոր բարի գործերը շարունակեն ներշնչման աղբիւր դառնալ գալիք սերունդներուն համար։