image

Իրանի դէմ պատերազմը ԱՄՆ-ի համար արժած է 48 միլիառ տոլար

Իրանի դէմ պատերազմը ԱՄՆ-ի համար արժած է 48 միլիառ տոլար

Իրանի դէմ պատերազմը Միացեալ Նահանգներուն արժած է 48,3 միլիառ տոլար՝ փետրուարի սկիզբը հակամարտութեան մեկնարկէն ի վեր։

Այս մասին Քոնկրեսի լսումներու ընթացքին յայտնած է Փենթակոնի պիւտճէի եւ յատկացումներու հարցերով գլխաւոր վերահսկիչի տեղակալ Արթուր Միլլըր։

«Այս թիւը կը ներառէ զինամթերքի, ռազմական սարքերու եւ սարքաւորումներու փոխարինման, ինչպէս նաեւ շահագործման ծախսերը», ըսած է Միլլըր։

Պաշտօնեային համաձայն՝ նշուած գումարին մէջ ներառուած չէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն հասցուած վնասը, որոնցմէ քանի մը հատը զգալի վնասներ կրած են իրանական անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու յարձակումներուն հետեւանքով։ Գումարին մէջ ներառուած չէ նաեւ համաշխարհային տնտեսութեան կրած վնասը։

Ինչպէս կը նշէ CBS News հեռուստակայանը, Փենթակոնի ծախսերուն վերաբերեալ ասոնք առաջին թարմացուած տուեալներն են Հոկտեմբերի կէսէն ի վեր, երբ պատերազմի արժէքը գնահատուած էր 47,1 միլիառ տոլար։

Այդ ժամանակուան տուեալներուն համաձայն՝ գումարին մեծագոյն մասը՝ շուրջ 29 միլիառ տոլար, կը վերաբերէր սպառուած զինամթերքի փոխարինման։ Իսկ ռազմական սարքերու եւ սարքաւորումներու, ներառեալ՝ օդանաւերու եւ անօդաչու թռչող սարքերու կորուստները կը կազմէին շուրջ 6 միլիառ տոլար։