image

Լոս Անճըլըս.Շնորհահանդէս «Մեր Ժամանակակից Մեծ Երաժիշտն Ու Նուիրեալ Ազգասէրը՝ Համբարձում Ք. Ճապուրեան» նորատիպին

 Լոս Անճըլըս.Շնորհահանդէս «Մեր Ժամանակակից Մեծ Երաժիշտն Ու Նուիրեալ Ազգասէրը՝ Համբարձում Ք. Ճապուրեան» նորատիպին

Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար՝ կրթական մշակ տիկ. Ռիթա Պոյճաեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հաւաքուած են  շնորհահանդէսը կատարելու գիրքի մը, որուն «էջերուն մէջ ամփոփուած են միտք, աշխատանք, ապրում եւ ստեղծագործական ոգի՝ հայատրոփ սրտով տոտուկահար-սրնգահար Համբարձում Ճապուրեանի մասին»: Ան նշեց, որ «գիրքերը յատուկ առաքելութիւն մը ունին. անոնք կը պահպանեն մարդոց գործերը, կը փոխանցեն անոնց ժառանգութիւնը յաջորդ սերունդներուն եւ կը դառնան յիշողութեան այն շտեմարանը, ուրկէ ապագայ սերունդները կրնան քաղել ներշնչում, գիտելիք եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն»։

 

Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Կլենտելի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գերյ. դոկտ. Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեանի հեղինակած «Մեր ժամ սանակակից մեծ երաժիշտն ու նուիրեալ ազգասէրը՝ Համբարձում Ք. Ճապուրեան» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Առաջնորդ Արհի. Հ. Միքայէլ եպս. Մուրատեանի:

Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար՝ կրթական մշակ տիկ. Ռիթա Պոյճաեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ հաւաքուած են  շնորհահանդէսը կատարելու գիրքի մը, որուն «էջերուն մէջ ամփոփուած են միտք, աշխատանք, ապրում եւ ստեղծագործական ոգի՝ հայատրոփ սրտով տոտուկահար-սրնգահար Համբարձում Ճապուրեանի մասին»: Ան նշեց, որ «գիրքերը յատուկ առաքելութիւն մը ունին. անոնք կը պահպանեն մարդոց գործերը, կը փոխանցեն անոնց ժառանգութիւնը յաջորդ սերունդներուն եւ կը դառնան յիշողութեան այն շտեմարանը, ուրկէ ապագայ սերունդները կրնան քաղել ներշնչում, գիտելիք եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն»։

Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Համբարձում Ճապուրեանի մասին, ուր ներկայացուած է անոր կեանքի դրուագները:

Տուտուկով եւ քլարինէթով ելոյթ ունեցաւ Վարդան Աւետիսեան՝ Երեւանի Թաթուլ Ալթունեանի անուան Երգի Պարի անսամպլին եւ  շատ այլ խումբերու հետ երկար  տարիներու փողային գործիքներու մենակատար:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ նորատիպի հեղինակ գերյ. դոկտ. Մեսրոպ Թօփալեանը՝ Մեսրոպ Հայունին, որ յատուկ այս շնորհահանդէսին առիթով ժամանակծ էր Լիբանանէն: Կրթական-դաստիարակչական 40 տարուայ ծառայութեամբ եւ 53 տարուայ հովուական առաքելութեամբ յատկանշուող Թոփալեան հեղինակ է 80 գիրքերու եւ այս գիրքը կու գայ աւելնալու անորր գրական վաստակին: Ան յայտնեց, որ գիրքը կը հրատարակուի ի յիշատակ Համբարձում Ք. Ճապուրեանի, եւ գիրքին մեկենասն է Մագ. Գրիգոր եւ Քրիսթին Ճապուրեան ամոլը: Մեսրոպ Հայունի ներկայացուց իր հեղիանակծ գիրքը, ուր կը գտնենք  կենսապատմական տուեալներ եւ մէջբերուﬓեր Համբարձում Ք. Ճապուրեանի անձնական դիւանին մէջ պահուած թուղթերէն, թռուցիկներէն, կտրօններէն, հրաւիրատոմսերէն, գովազդներէն, յայտագիրներէն, օրաթերթերէն եւ լրագիրներէն: Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ Ճապուրեանի ստացած օրհնանքներ 9 հոգեւորականներէ, որոնք վերհանած են «մեծատառ Մարդը, Հայը, Հաւատացեալը», ինչպէս նաեւ «խոնարհ Մարդը, արուեստագէտ Հանճարը, քլարինէթ-ի եւ տուտուկի Մասնագէտը»: Թոփալեան, շարունակելով ներկայացնել գիրքը, թուած է անոր մէջ տեղ գտած բաժինները՝ Ճապուրեանի հարազատներուն ապրումները, հայ եւ օտարազգի 31 անձնաւորութիւններու ներբողանքը, 28 յօդուածներ՝  ձեռնարկներու եւ հանդէսներու նկարագրականներ: Աւարտին, ան երախտագիտութիւն յայտնեց գիրքի տպագրութեան օժանդակած իւրաքանչիւր անհատի:

Ապա բեմ բարձրացան արուեստագէտներ՝ հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան Կրէկ Հոշարեան եւ սոփրանօ Մարկրիթ Սիմոնեան, որոնք ներկայացուցին Մեսրոպ Հայունիի հեղինակած՝ Աստուածամօր նուիրուած «Մարեմական սիրերգ», որուն երաժշտութիւնը յօրինած է Հոշարեանի հայրը՝ երաժիշտ Էտուարտ Հոշարեանը:

Խօսք առաւ գործարար-ձեռնարկատէր Գրիգոր Ճապուրեանը, որ մեկենաս է բազմաթիւ հրատարակութիւններու, որոնցմէ իր եղբօր՝ Համբարձում Ճապուրեանի նուիրուած գիրքին: Ան այս նորատիպին համար շնորհահանդէսներ կազմակերպած է Գանատայի, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Յիշենք, որ իր ծաւալած բարերար գործունէութեան համար Գրիգոր Ճապուրեան 2013 թուականին Սրբազան Քահանայապետ Պենետիքթոս ԺԶ.-ի կողմէ մեծարուած է՝ «Սուրբ Գրիգոր Մեծի Քահանայապետական Շքանշանի Ասպետի Մետալ»-ով: Ճապուրեան շնորհակալութիւն եւ փառք յայտնեց Աստուծոյ, որ «մեզի շնորհած է Համբարձում Ք. Ճապուրեանը (1951-2022), մեր լուսահոգի հայրը եւ եղբայրը, հարազատն ու բարեկամը, տաղանդաւոր տուտուկահար-նրբասրնգահարը եւ հայրենապաշտ ազգասէրը, որուն անթառամ յիշատակն է, որ այսօր համախմբած է ներկաները՝ անոր ծննդեան 75-ամեայ տարեդարձին առիթով։ Ան նշեց, որ յուշագրքին մէջ կան վկայութիւններ Ճապուրեան մարդուն եւ հայուն, անոր գործին ու վաստակին մասին, ինչպէս նաեւ նկարագրութիւններ, որոնց հեղինակները մեծագոյն գնահատանքով դրուատած են Համբարձում Ք. Ճապուրեան տաղանդաւոր արուեստագէտը:

Այնուհետեւ, արժանապատիւ Տէր Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեան ընթերցեց գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի սրտի խօսքը:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախկին նախաարար Վարդան Օսկանեանը: 

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցան գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ՝ Հ. Զարեհ ծ. վրդ.  Սարգիսեանը, Տ. Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեանը,  գերպ. Բարսեղ եպս. Պաղտասարեանը, գիրքի հեղինակ՝ դոկտ. Մեսրոպ Հայունին, բարերար Գրիգոր Ճապուրեանը, յաւուր պատշաճի կատարելու համար «Մեր ժամանակակից մեծ երաժիշտն ու նուիրեալ ազգասէրը՝ Համբարձում Ք. Ճապուրեան» գիրքին գինեձօնը: 

Հանդիսութինը փակուեցաւ գերապայծառ Հայր Բարսեղ եպիսկոպոս Պաղտասարեանի սրտի խօսքով, որմէ ետք Գրիգոր Ճանպուրեան մակագրեց ու ներկաներուն նուիրեց նորատիպ գիրքը: 

Շնորհահանդէսի աւարտին, հանդիսավար տիկին Ռիթա Պոյաճեան ներկաները հրաւիրեց սիրոյ սեղանի շուրջ ընթրիքի, յիշեցնելով որ սեղանները կը կրեն Հայաստանի 10 մարզերուն անունները, Երեւանը ունենալով բոլորին սրտի կեդրոնին, եւ հաստատելով, որ այդ պահուն Կլենտելի այդ սրահը վերածուած էր փոքր Հայաստանի: