image
Հրատապ լուրեր:

Լոնտոն. Յովակիմ եպս. Մանուկեանն աւարտեց «Բաթերսի բարք»ի կիսամարաթոնը՝ ի նպաստ հալածուող քրիստոնեաներուն

Լոնտոն. Յովակիմ եպս. Մանուկեանն աւարտեց «Բաթերսի բարք»ի կիսամարաթոնը՝ ի նպաստ հալածուող քրիստոնեաներուն

Իր նախաձեռնութեան մասին խօսելով՝ Տ. Յովակիմ եպս. ընդգծած էր, որ որպէս եպիսկոպոս՝ տառապանքը կը տեսնէ ոչ միայն պատմութեան էջերուն, այլեւ մերօրեայ իրականութեան մէջ։

«Այսօր աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը տառապին։ Այսուհանդերձ, մենք հաստատուն կը մնանք աղօթքի, ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ՝ վստահելով, որ Քրիստոս կը զօրացնէ Իր ժողովուրդը», ըսած էր ան։

Խոստացուածը կատարուած է։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպս. Մանուկեան, աւարտած է «Բաթերսի բարք»ի (Battersea Park) կիսամարաթոնը՝ 2 ժամ եւ 15 վայրկեանի ընթացքին։ Անոր այս նախաձեռնութեան նպատակը 5,000 սթերլինկի հաւաքագրումն էր՝ ի նպաստ հալածուող քրիստոնեաներուն եւ «Օգնութիւն կարօտեալ Եկեղեցւոյ» (Aid to the Church in Need – ACN) բարեսիրական կազմակերպութեան #RedWednesday նախաձեռնութեան։

Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդուած էր, Տ. Յովակիմ եպիսկոպոսը նպատակադրած էր Նոյեմբեր 14-ին մասնակցիլ 21 քիլոմեթր երկարութեամբ կիսամարաթոնին՝ աջակցելու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հալածանքի եւ տառապանքի ենթարկուող քրիստոնեաներուն։

«Անկախ կաթողիկէ լուրեր» (Independent Catholic News) լրատուամիջոցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սրբազանը նշած էր, որ արդէն սկսած էր մրցավազքին նախապատրաստուիլ՝ յայտնելով, թէ 15 քիլոմեթր վազած էր Քիւ կամուրջէն մինչեւ Համերսմիթ կամուրջ եւ վերադարձած նոյն կէտին։

Յովակիմ եպիսկոպոս վազքի փորձառութիւն ունեցող մարզիկ մըն է։ Անոր առաջին կարեւոր մրցավազքը տեղի ունեցած էր 2024-ին, երբ մասնակցած էր Ուինզըրի 5 քիլոմեթր վազքին, իսկ աւելի ուշ՝ Քինկսթընի կիսամարաթոնին։ Երկու մասնակցութիւններն ալ բարեսիրական նպատակներ կը հետապնդէին։ Իսկ 2026-ի Սեպտեմբեր 20-ին ան մասնակցած էր 10 քիլոմեթր վազքի մը՝ աջակցելու համար Կովկասի մէջ Արցախէն տեղահանուած երեխաներուն համար կազմակերպուած ճամբարին։

«Տառապանքը հեռաւոր իրականութիւն մը չէ»

Իր նախաձեռնութեան մասին խօսելով՝ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս ընդգծած էր, որ որպէս եպիսկոպոս՝ տառապանքը կը տեսնէ ոչ միայն պատմութեան էջերուն, այլեւ մերօրեայ իրականութեան մէջ։

«Այսօր աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը տառապին։ Այսուհանդերձ, մենք հաստատուն կը մնանք աղօթքի, ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ՝ վստահելով, որ Քրիստոս կը զօրացնէ Իր ժողովուրդը», ըսած էր ան։

Սրբազանը նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած էր ACN կազմակերպութեան՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջոցով Հայաստանի համայնքներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար՝ զայն նկատելով քրիստոնէական համերաշխութեան իմաստալից արտայայտութիւն մը՝ երկու եկեղեցական աւանդութիւններուն միջեւ։

Իր մրցավազքէն ետք կատարած յայտարարութեամբ՝ Յովակիմ եպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք իրենց աղօթքներով, քաջալերանքով եւ առատաձեռն նուիրատուութիւններով զօրավիգ կանգնած են իրեն՝ այս նախաձեռնութեան ընթացքին։

Անոր 2 ժամ եւ 15 վայրկեանով աւարտած կիսամարաթոնը ոչ միայն անձնական մարզական յաջողութիւն մըն է, այլեւ առիթ մը՝ կրկին ուշադրութիւն հրաւիրելու աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ հալածուող քրիստոնեաներու ճակատագրին վրայ։