image
Հրատապ լուրեր:

Պենոն Սեւան. հանդիպում մը, որ երբեք տեղի չունեցաւ…

Պենոն Սեւան. հանդիպում մը, որ երբեք տեղի չունեցաւ…

Պենոն Սեւանի պայծառ յիշատակին… 

2024 թուականի Մայիսին էր, երբ քսանհինգ տարուան բացակայութենէ ետք առաջին անգամ ըլլալով հասայ Նիկոսիա։ Այցելութեանս նպատակը Կիպրոսի տագնապին մասին հատոր մը պատրաստելն էր։ Պէյրութեան օրերէն ինծի շատ սիրելի, ՌԱԿ-եան շրջանակէն ազնիւ ընկեր՝ Տօքթ. Վիգէն Ասիլեան,  գետին պատրաստած էր այս աշխատանքին իրականացման համար, իսկ հատորի  (Գիրքը՝ «Բաժնուած Կղզին» տպագրուեցաւ նոյն տարուան Նոյեմբերին՝ Երեւանի մէջ) մեկենասութիւնը ստանձնած է էր կիպրահայ համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Սեպուհ Արմենակեանը, որ ոչ միայն կարեւոր աջակցութիւն կը ցուցաբերէր, այլեւ կը փորձէր օգնել, որպէսզի աշխատանքս ունենայ յստակ ուղղութիւն եւ բովանդակային ամբողջականութիւն։

Այս գործին մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքի պետական ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանը, համայնքային գործիչներ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանը, Սիմոն Այնէճեանը եւ յատկապէս՝ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանը։ Անոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ սեղմ ժամանակամիջոցի մը մէջ հարցազրոյցներ ունենալ կղզիին մէջ ազգային ու համայնքային կեանքի գործունեայ ներկայութիւն հանդիսացող շարք մը դէմքերու հետ։

Այդ աշխատանքին զուգահեռ, կարգ մը մտերիմներու աջակցութեամբ եւ  գաղափարով, յաջողեցանք  (Տեսանիւթի պատրաստութիւնը արդիւնք էր՝ «Արեւելք»ի  եւ «Արձագանգ  Մետիա»ի համատեղ   աշխատանքին) նաեւ տեսագրել հարցազրոյցները։  Որդիս՝ Վահագն Ղազարեան (Նկարահանողը ՝  Կարէն Գազանճեանն էր)   , իր կարգին, այդ տեսագրութիւնները ի մի բերաւ եւ պատրաստեց՝ «Վիրաւոր Կղզի» տեսաֆիլմը։

Այս մանրամասնութիւնները կ՚արձանագրեմ ոչ թէ պարզապէս անցեալը վերյիշելու, այլ վերակենդանացնելու համար այն օրերուն մթնոլորտը եւ աշխատանքին շուրջ ստեղծուած եռուզեռը։ Փութկոտութեամբ եւ ժամանակի սահմանափակումներուն տակ տարուած այդ գործին ընթացքին, սակայն, չյաջողեցայ ներգրաւել կիպրահայ համայնքի շարք մը կարեւոր դէմքեր, որոնց ներկայութիւնը պիտի ամբողջացնէր թէ՛ հատորին եւ թէ՛ տեսաֆիլմին բովանդակութիւնը։

Այդ բացակայ անուններուն մէջ էր Պենոն Սեւանի անունը։ Անոր հետ նախապէս ժամադրութիւն մը ճշդած էի, սակայն վերջին պահուն, զանազան բանաւոր պատճառներով, մեր հանդիպումը չկայացաւ։

Երեւան վերադարձիս, Պրն. Սեւանին հետ նամակագրական կապ մը հաստատուեցաւ, որ ժամանակի ընթացքին հետզհետէ աւելի ջերմացաւ։ Մեր կարճ, հեռավար զրոյցները կ՚առնչուէին տարբեր բնոյթի նիւթերու։ Ես ալ, իմ կարգիս, կը ջանայի միշտ նրբանկատ գտնուիլ մեծանուն դիւանագէտին հանդէպ՝ գիտակցելով, թէ ՄԱԿ-ի մեծ ընտանիքին մէջ ան որքան կարեւոր առաքելութիւններ ստանձնած եւ արժանապատուութեամբ իրագործած վառ անհատականութիւն մըն էր։

Մասնաւորաբար Իրաքի տագնապին վերաբերեալ լսած էի, թէ Պենոն Սեւան գտնուած էր իրադարձութիւններու կիզակէտին։ ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի պաշտօնավարութեան տարիներուն, անոր անունը անքակտելիօրէն կապուած էր Իրաքի ճգնաժամին եւ մարդասիրական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող «Նաւթ՝ սնունդի դիմաց» ծրագրին։

Պենոն Սեւանի՝ ՄԱԿ-ի մէջ իրագործած առաքելութիւններուն եւ գործունէութեան տարբեր փուլերուն ամբողջական անդրադարձ մը, անշուշտ, առանձին եւ լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի։ Սակայն արդէն իսկ յստակ է, որ ան իր ետին ձգած է նշանակալի դիւանագիտական ժառանգութիւն մը։ Հայազգի այս գործիչը կը պատկանի այն բացառիկ հայորդիներու շարքին, որոնք միջազգային բարձրագոյն մակարդակներու վրայ ծառայելով՝ իրենց համայնքին, երկրին եւ մարդկութեան պատիւ բերած են։

 Ի դէպ Պենոն Սեւանի անցած ճանապարհին ու յատկապէս ՄԱԿ-ի մէջ գործած տարիներուն ու այդ կառոյցէն անարդար կերպով հեռացուելու մասին շատ քիչ տեղեկութիւն ունէի ու այդ բացը լրացնողը եղաւ Կիպրացի քաղաքական հանրայայտ գործիչ՝ Անտրէաս Տ. Մաւրոյեանիս, որուն Պենոն Սեւանի յիշատակին օրերս «Պոլիտիս» պարբերականին մէջ տպագրուած «Պենոն Սեւան՝ ընկերը, մարդը, մեծ կիպրահայը եւ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարը» խորագրուած յօդուածը (Յունարէնէ հայերէնի թարգմանուած պատրաստակամ բարեկամի մը կողմէ ) կը յանձնեմ «Պայքար»ի սիրելի ընթերցողներուս։

Անտրէաս Տ. Մաւրոյեանիս կը գրէր՝ 

 «Պենոն Սեւան, որ անցեալ Կիրակի երեկոյեան, 88 տարեկանին, հեռացաւ այս աշխարհէն, այս երկրի իսկական հայրենասէրի, անոր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն, պատուախնդրութեան, ազնուութեան, առատաձեռնութեան եւ համեստութեան մարմնացումն էր։

Վերջին քսան տարիներուն իր անունը կապելով Իրաքի «Նաւթ՝ սնունդի դիմաց» ծրագրի շուրջ ծագած գայթակղութեան՝ ան ստիպուած եղաւ ծանր գին վճարելու։ Այդ դէպքը խորապէս դառնացուց եւ վիրաւորեց զինք, սակայն չկրցաւ տապալել անոր մարդկային բարձր նկարագիրը, ո՛չ ալ կեանքին եւ պատմութեան հանդէպ անոր մաքուր հայեացքը։

Ցաւօք, մարդիկ յաճախ մեծ դիւրութեամբ կ՚ընդունին ուրիշներու պատմածները, որոնք պաշտօնական եւ լրջախոհ երեւնալու ձեւերու տակ կը ներկայացուին։

Ուստի, նախ եւ առաջ, որպէս դէպքերուն ականատես՝ կ՚ուզեմ հակիրճ կերպով արձանագրել չորս կէտ։

Պենոն Սեւան 2005-ին անարդարօրէն մեղադրուեցաւ Սատտամ Հիւսէյնի կողմէ կաշառք ստացած ըլլալու յանցանքով։ Անոր մտերիմ բարեկամը եւ երկար տարիներու գործակիցը՝ ՄԱԿ-ի այն ժամանակուան ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանը, զինք պաշտօնէ հեռացուց ժամանակաւորապէս եւ լայնածաւալ քննութիւն մը յանձնարարեց Փոլ Վոլքըրի գլխաւորած յանձնաժողովին։ Վոլքըր Միացեալ Նահանգներու Դաշնային Պահուստային Համակարգի (Federal Reserve) նախկին նախագահն էր։

Այդ օրերուն Նիւ Եորքի մէջ գրեթէ բոլորիս համար գաղտնիք չէր, որ խնդիր մը իսկապէս գոյութիւն ունէր, եւ անոր կեդրոնը հիմնականին մէջ Քոֆի Անանի որդին՝ Քոճօ Անանն էր։ Պենոնը, առաւելագոյնը, կրնար մեղադրուիլ այն բանին համար, որ Քոֆի Անանի հետ իր բարեկամութեան պատճառով ժամանակին չէր ահազանգած կարգ մը կասկածելի գործարքներու մասին։

Սակայն համակարգը գործի անցաւ՝ քաւութեան նոխազ մը գտնելու համար, որպէսզի փրկէ ընդհանուր քարտուղարը։ Կը կարծուէր, թէ անոր յանցաւոր ըլլալուն ապացուցումը եւ հրաժարականը ծանր հարուած պիտի ըլլային ՄԱԿ-ին։

ա) Ես հանդիպում ունեցայ Վոլքըրի յանձնախումբին անդամներուն հետ եւ համոզուեցայ, որ անոնք ամբողջովին լծուած էին Պենոնը թիրախաւորելու անհաւատալի ճիգի մը՝ Քոֆի Անանը փրկելու նպատակով։

Կ՚արժէ յիշել, որ ամբողջ քննութեան ծախսը հասաւ 15 միլիոն տոլարի, մինչդեռ անոր եզրակացութիւններուն մէջ Պենոնին ուղղուած կաշառքի գումարը կը նշուէր 135 հազար տոլար։ Սակայն Պենոնին կողմէ կաշառք ստացած ըլլալը հաստատող ոչ մէկ բան գտան։

Յանձնաժողովին վերջնական տրամաբանութիւնը, ըստ էութեան, հետեւեալն էր. այդ տարիներուն Պենոն Կիպրոսէն պարբերաբար գումարներ փոխանցած էր Նիւ Եորքի իր հաշուին՝ զանոնք լիովին յայտարարելով եւ գործելով ամբողջական թափանցիկութեամբ։ Քննիչները հաշուեցին, որ փոխանցումներուն ընդհանուր գումարը կը կազմէր 135 հազար տոլար։

Պենոն ունէր շատ պարզ եւ բացարձակապէս ճշմարիտ բացատրութիւն մը. այդ գումարները իր մօրաքրոջմէն եկած էին։ Ան իր մօրաքրոջ միակ հարազատն էր, որ ունէր աշխարհիս վրայ։

Վոլքըրի քննիչները եզրակացուցին, թէ անկարելի է, որ տարեց կին մը, որ իր թոշակը կը ստանար Կիպրոսի պետական լրատուական ծառայութենէն՝ կանխիկ դրամով, այդքան գումար պահած ըլլար իր տան մէջ։ Աւելին՝ անոնք նոյնիսկ համարձակեցան պնդել, թէ Պենոն ինքն էր պատասխանատու իր մօրաքրոջ մահուան համար, որ տեղի ունեցած էր վերելակի հորի մէջ իյնալու հետեւանքով, որպէսզի անոր բերանը փակէ։

Կը յիշեմ, որ անոնց ըսի՝ մարդկային յարաբերութիւններէն ու զգացումներէն գաղափար չունին եւ չեն կրնար հասկնալ մեր ընկերութեան աւանդական արժէքներն ու սկզբունքները։

2005-ի Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, երբ դէպքերը կը զարգանային այդ ուղղութեամբ եւ անոր հրաժարականէն ու անձեռնմխելիութեան վերացումէն ետք ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուելու հաւանականութիւնը կը մօտենար, ես Պենոնին առաջարկեցի հեռանալ Միացեալ Նահանգներէն եւ վերադառնալ Կիպրոս։ Ան այդ քայլին դիմեց դժկամութեամբ. մէկ կողմէ՝ չէր հաւատար, որ արդարութիւնը կրնար չյաղթանակել, իսկ միւս կողմէ՝ իր հանգուցեալ կինը՝ Միշլինը, տակաւին կ՚աշխատէր ՄԱԿ-ի քարտուղարութեան մէջ։

բ) Քանի մը ամիս ետք հանդիպեցայ Փօլ Վոլքըրին։ Երբ անոր ըսի, թէ ինչ կը մտածէի քննութեան եւ զեկոյցին մասին, ան աչքերը վար առաւ եւ պատասխանեց, թէ իրենք ըրած էին այն ամէնը, ինչ որ կարելի էր ընել ՄԱԿ-ը փրկելու համար։

Երբ ըսի, թէ կը յուսամ՝ ան կը գիտակցի, որ կարելի չէ այսպէս ճզմել մարդիկն ու անոնց անունը, ան քիչ մը հեգնական հայեացքով ինծի նայեցաւ եւ ըսաւ. «Կեանքը այսպէ՛ս կ՚ընթանայ, սիրելի՛ բարեկամս»։

գ) Քիչ մը աւելի ուշ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնը քանի մը ամիս ստանձնեց Մարք Մալոք-Պրաունը։ Երբ այցելեցի իրեն, ան ինծի բացայայտեց, թէ իր առաքելութիւնն էր «փրկել» Քոֆի Անանը։

Երբ Պենոնի մասին խօսեցայ, ան ըսաւ, թէ դժբախտաբար որոշումները արդէն առնուած էին՝ նկատի ունենալով այն, ինչ որ ՄԱԿ-ին համար լաւագոյնը կը համարուէր։ Ան ընդունեց, որ այդ որոշումները կրնային անարդար ըլլալ, սակայն աւելցուց, որ Պենոնը կրնար իրաւունքները հետապնդել վարչական եւ դատական ճամբաներով։

Այդ օրերուն մեր յաջողած միակ բանը Պենոնին թոշակային իրաւունքներուն պահպանումը եւ թոշակին Կիպրոս ուղարկուիլը ապահովելն էր։

դ) 2017-ի Դեկտեմբերին, Ժընեւի մէջ, մահէն քանի մը ամիս առաջ, վերջին անգամ հանդիպեցայ Քոֆի Անանին։ Ան անձամբ հարցուց ինծի Պենոնին մասին եւ խոստովանեցաւ, թէ այդ հարցը ծանրութիւն մը դարձած էր իր խղճին վրայ։ Ո՛չ թէ որովհետեւ կը կարծէր, որ ինք վատ կամ անարդար բան մը ըրած էր, այլ որովհետեւ իրեն թոյլ չէին տուած իր հին եւ լաւ բարեկամին հանդէպ համերաշխութիւն ցուցաբերելու։

Պենոն Սեւան ծնած էր Նիկոսիա, 1937-ին։ Անոր կեանքը բնաւ դիւրին չէր եղած։ Աւարտած էր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ապա ուսանած՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

1950-ականներու վերջաւորութեան եւ 1960-ականներու սկիզբը ան աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած էր քաղաքական կեանքին մէջ եւ միշտ աչքի ինկած՝ իր երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ ունեցած մտահոգութեամբ։

1965-էն մինչեւ 2005 թուականը՝ քառասուն տարի, ան ծառայած էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան։ Ստանձնած էր բարձր մակարդակի առաքելութիւններ, յաճախ վտանգաւոր եւ պատերազմական գօտիներու մէջ։ Ան միշտ ցուցաբերած էր մարդկութեան ծառայելու քաջութիւն եւ վճռակամութիւն։

2003-ի Օգոստոսին, բախտի բերումով, ան ողջ մնացած էր Պաղտատի «Քանալ Հոթել»ի դէմ գործուած ահաբեկչական յարձակումէն, որուն հետեւանքով ՄԱԿ-ի առաքելութեան 22 անդամներ իրենց կեանքը կորսնցուցած էին։

Իր բոլոր բարեկամներուն եւ գործակիցներուն համար Պենոն միշտ մնաց զգայուն, լուրջ, արդիւնաւէտ եւ առատաձեռն պաշտօնատար մը, որ կրքով, յարգանքով եւ արժանապատուութեամբ կը ծառայէր միջազգային կազմակերպուած ընկերութեան սկզբունքներուն ու արժէքներուն։

Որպէս Կիպրոսի հայ համայնքի անդամ՝ ան առաջին ձեռքէն գիտէր չարիքն ու անարդարութիւնը եւ միշտ կը ձգտէր բարիք գործել ու աւելի լաւ ապագայ մը կառուցել։ Ան կը կատարէր այն, ինչ որ իր պարտականութիւնը կը համարէր՝ առանց տիտղոսներու կամ ճանաչումի հետամուտ ըլլալու, նոյնիսկ եթէ ՄԱԿ-ի մէջ կիպրացիի մը երբեւէ գրաւած ամէնէն բարձր պաշտօնը իրեն կը պատկանէր։

Ինծի համար անոր համեստութիւնն ու մարդասիրութիւնը առասպելական էին։

2012-ին, Կիպրոսի՝ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահութիւնը առաջին անգամ ստանձնելէն քիչ առաջ, ես՝ որպէս Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ներկայացուցիչ, խնդրեցի իրմէ արտօնել, որ նախագահութեան կարիքներուն համար օգտագործենք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան կարգ մը տարածքները։

Անոր աչքերը արցունքով լեցուեցան, երբ ըսաւ, թէ որքան մեծ պատիւ կը համարէր նոյնիսկ այս փոքր միջոցին միջոցով օգտակար դառնալու կարելիութիւնը։

Ժասմին  (Պենոն Սեւանի դուստրը, որ կ՚ապրի եւ նորաձեւութեան ոլորտին մէջ կը գործէ ԱՄՆ-ի մէջ. Խմբ. Ս.Արեան), միշտ հպարտ եղիր հօրդ համար, ինչպէս մենք բոլորս հպարտ ենք այս մեծ մարդով, որ մեր հայ համայնքին, Կիպրոսին եւ ամբողջ աշխարհին պատիւ բերաւ։

Անոր յիշատակը թող յաւերժօրէն  օրհնեալ մնայ»։

 

Սագօ Արեան

«Պայքար»

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...