image

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պատուիրակութեամբ մը այցելութիւն տուաւ Նախագահ Ժոզէֆ Աունին

 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պատուիրակութեամբ մը այցելութիւն տուաւ Նախագահ Ժոզէֆ Աունին

Յանուն  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին խօսք առնելով՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան յայտնեց՝

«Մենք վերահաստատեցինք մեր զօրակցութիւնը նախագահ Աունի ճիգերուն՝ ուղղուած ազգային միասնութեան ամրապնդման, քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանման, տնտեսական վերականգնումին, ինչպէս նաեւ ապահովութեան եւ կայունութեան պաշտպանութեան։

 Սրբազան Հայրը նաեւ շեշտած է Լիբանանի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ Իսրայէլ պէտք է քաշուի հարաւային Լիբանանի գրաւեալ տարածքներէն։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս գլխաւորած է պատուիրակութիւն մը, որ այցելութիւն տուած է Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունին։

Հանդիպման ընթացքին պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է նախագահ Աունին՝ ազգային միասնութեան ամրապնդման, քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանման, տնտեսական վերականգնումի եւ երկրին մէջ ապահովութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ անոր ճիգերուն։

Յանուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին խօսք առնելով՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան յայտնեց՝ «Մենք վերահաստատեցինք մեր զօրակցութիւնը նախագահ Աունի ճիգերուն՝ ուղղուած ազգային միասնութեան ամրապնդման, քաղաքացիական խաղաղութեան պահպանման, տնտեսական վերականգնումին, ինչպէս նաեւ ապահովութեան եւ կայունութեան պաշտպանութեան։

 Սրբազան Հայրը նաեւ շեշտած է Լիբանանի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ ընդգծելով, որ Իսրայէլ պէտք է քաշուի հարաւային Լիբանանի գրաւեալ տարածքներէն։

Պատուիրակութեան մաս կազմած են  Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ  Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, ԱՄԷ, Քաթարի եւ Շրջակայից Երկիրներու  Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան,    Կաթողիկոսութեան Դիւանապետ  Գերշ. Տ. Տաճատ  եպս. Աշըգեան,  Կիլիկեան Աթոռի  հոգեւորականներ, Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան,  Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Ազգ. Իշխանութեան Համաատենապետ Տիար Գրիգոր Մահսերէեճեան,եւ Ազգային այլ գործիչներ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռը պատմականօրէն սերտ յարաբերութիւններ ունեցած է Լիբանանի նախագահական կառոյցին եւ պետական հաստատութիւններուն հետ՝ երկրի դժուարագոյն ժամանակներուն եւս զօրակցելով Լիբանանի պետականութեան, օրինական մարմիններուն եւ ազգային միասնութեան։