image

Հայկական հոգեւոր ճեմարանները. Եկեղեցւոյ սիրտի զարկն ու հոգեւոր անդաստանի ապագայի հիմքը. Գրեց՝ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան

Հայկական հոգեւոր ճեմարանները. Եկեղեցւոյ սիրտի զարկն ու հոգեւոր անդաստանի ապագայի հիմքը. Գրեց՝ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան

Հայաստանեայց Առաքելական կեղեցւոյ Ամերիկայի Ս. Ներսէս հայկականհոգեւոր Ճեմարանի նոր համալիրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ա. Աստուածաբանական Կեդրոնին եւ Ս. Յակոբ Մատրան օծման տասներորդտարեդարձը լոյսով եւ իմաստով լեցուն եզակի առիթ մըն է։ Ան մեզ կը հրաւիրէ՝երախտագիտութեամբ յետհայեացք կատարելու դէպի անցեալի ուղիներ՝գոհաբանական սիրտով օրհնելու Ամենակալ Աստուածն Իր մշտարթունհովանիին համար, եւ սիրով ու ակնածանքով յիշատակելու հոգելոյս ՏիրանԱրքեպիսկոպոս Ներսոյանի գլխաւորութեամբ բոլոր այն անձերը, որոնցտեսիլքը, անձնուիրութիւնը եւ զոհաբերական ծառայութիւնը այս սրբազանկեդրոնը կերտեցին եւ զայն դարձուցին մեր եկեղեցական կեանքին կենսատուօճախ։ Նաեւ երախտագիտութեամբ յիշելու Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ ԷլզաՏիտիզեանները, որոնց ազնուական բարերարութեան շնորհիւ կարելի եղաւիրականացնել Սուրբ Ներսէս հոգեւոր Ճեմարանի նոր համալիրը իր ԳարեգինԱ. Աստուածաբանական կեդրոնով եւ Սուրբ Յակոբ Մատուրով: Բայց այստօնական առիթը պարզ յոբելեան մը չէ. անիկա նաեւ խորախորհուրդ հրաւէրմըն է՝ նորոգուած գիտակցութեամբ անդրադառնալու հայկական հոգեւորճեմարաններուն անփոխարինելի առաքելութեան՝ մեր Եկեղեցւոյ կեանքիշարունակութեան եւ վկայութեան մէջ։ 

Հոգեւոր Ճեմարանը լոկ ուսումնական հաստատութիւն մը չէ։ Ան սրբազանդարբնոց է, ուր անհատի միտքը կը պայծառանայ գիտութեամբ, սիրտը կըլեցուի առաքինութեամբ, եւ հոգին կը յղկուի ու կը պատրաստուի ծառայութեան։Հոն ապագայ հոգեւորականը միայն աստուածաբանական գիտելիքներ չիկուտակեր, այլ կը մտնէ ներքին կերտումի այն ընթացքին մէջ, ուր աղօթքը կըդառնայ շունչ, խոնարհութիւնը՝ զարդ, հնազանդութիւնը՝ զօրութիւն, կարգապահութիւնը՝ կենցաղ, եւ հովուական հոգատարութիւնը՝ կոչմանբնական արտայայտութիւն։ Ճեմարանը այն օրհնեալ հողն է, ուր կոչումըարմատ կը նետէ, հոգեւոր կեանքը կը խորանայ, եւ անձը հանդարտ, բայցհաստատ քայլերով կը հասուննայ իր սրբազան առաքելութեան համար։

 Եկեղեցւոյ կեանքը իր ամենատեսանելի եւ կենսազօր ներկայութիւնը կըգտնէ ծխական իրականութեան մէջ։ Հոն է, որ մանուկը կը վերածնի ՍուրբՄկրտութեամբ, հաւատացեալը հաղորդակից կը դառնայ Սուրբ Պատարագիշնորհքներուն, ցաւակիր հոգին կը գտնէ մխիթարութիւն, եւ տկարացած սիրտը՝նոր զօրութիւն Աստուծոյ ներկայութենէն։ Իսկ այդ ծխական կեանքին կեդրոնըկը կանգնի հոգեւոր հովիւը՝ իր հաւատքով, իր խօսքով, իր աղօթքով, իր սիրովեւ իր անձնուէր ծառայութեամբ։

Հոգեւոր հովիւ ըլլալը սիրոյ խաչակրութիւն մըն է։ Հոգեւոր հովիւը կոչուած էսիրելու իրեն յանձնուած ժողովուրդը՝ առանց խտրութեան, առանց հաշուարկի, առանց նախապայմանի։ Իր սէրը պէտք չէ սահմանափակուի միայն անոնցհանդէպ, որոնք իրեն մօտիկ են, իրեն համակիր են կամ իրեն դիւրութիւն կըպատճառեն։ Ընդհակառակը, իր սիրտը պէտք է բաց մնայ նաեւ անոնց դիմաց, որոնք զինք կը քննադատեն, դժուարութիւններ կը ստեղծեն, կամ երբեմն՝ ցաւիբաժակ իսկ կը մատուցանեն։ Քահանայական կոչումը ընտրովի գուրգուրանքմը չէ, այլ Քրիստոսանման սիրոյ ճանապարհ՝ համբերութեամբ լուսաւորուած, ներողամտութեամբ զօրացած եւ անձնազոհութեամբ պսակուած։ Իսկականհովիւը չի կարծրացներ իր սիրտը վիրաւորանքին դիմաց, այլ աւելի խորլռութեամբ, աւելի մաքուր աղօթքով եւ աւելի նուրբ հոգածութեամբ կը մօտենայիր հօտին։

Ահա թէ ինչու հայկական բոլոր հոգեւոր ճեմարաններուն դերը վճռական էեւ անշրջանցելի։ Անոնք միայն եկեղեցական պաշտօնեաներ չենպատրաստեր, այլ կը մարդակերտեն հովիւներ՝ հոգեւոր հասունութեամբ, ներքին տոկունութեամբ, վարդապետական ողջմտութեամբ եւ անխտրականսիրով օժտուած։ Անոնք այն սրբավայրերն են, ուր կը պահուի եւ նորոգկենսունակութեամբ կը փոխանցուի մեր Եկեղեցւոյ հաւատքը, ծէսը, աւանդութիւնը, լեզուն եւ դարաւոր հոգեւոր ժառանգութիւնը։ Անոնց մէջանցեալը չի դադրիր յիշատակ ըլլալէ, այլ կը վերածուի կենդանի աւիշի, որ կըսնանի ներկան եւ կը պատրաստէ ապագան։

Ս. Ներսէս հոգեւոր ճեմարանի այս յիշարժան տարեդարձը, հետեւաբար, պէտք է դիտուի ոչ միայն իբրեւ ուրախութեան եւ շնորհաւորանքի առիթ, այլնաեւ իբրեւ գիտակցութեան, վերանորոգումի եւ պարտաւորութեան պահ։ Մերճեմարանները մեր Եկեղեցւոյ ապագային լուռ, բայց հաստատուն եւ կենսատուհիմքերն են։ Անոնց մէջ կը կազմուին այն հոգեւորականները, որոնք վաղըպիտի կանգնին մեր խորաններուն առջեւ, պիտի մեկնեն Աստուծոյ խօսքը, պիտի մխիթարեն վիրաւոր սիրտերը, պիտի առաջնորդեն մեր համայնքներըիմաստութեամբ եւ հաւատարմութեամբ, եւ պիտի պահպանեն մեր սուրբհաւատքի ջահը՝ վառ, անխամրելի եւ անշէջ։

Թող Ամենաբարի Աստուած օրհնէ մեր բոլոր հոգեւոր ճեմարանները, անոնց մէջ ծառայող տեսուչները, դասախօսները, եւ ուսանողները, եւ անոնցսրբազան յարկերէն վեր բարձրացնէ արժանի, հաւատարիմ եւ սիրով լիհովիւներ, որոնք Իր ժողովուրդին պիտի ծառայեն իմաստութեամբ, քնքշութեամբ, անվարան հաւատքով եւ հաստատ սրտով։

Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան