Փարիզի շրջանի Էվրի շրջանին մէջ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութեան ընթացքին, որ նուիրուած էր Ֆրանսայի Դիմադրութեան շարժման հայազգի հերոս Միսակ Մանուշեանի եւ Ժոզէֆ Էփշթէյնի ձերբակալութեան 83-րդ տարելիցին, յարգանքի տուրք մատուցած են նաեւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Այս առիթով գրառում մը կատարած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Ֆրանսայի Վարիչ Մարմնի ատենապետ Սարօ Մարտիրեան՝ ներկայացնելով արարողութեան մանրամասնութիւնները եւ երկու դիմադրական գործիչներուն պատմական դերակատարութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սարօ Մարտիրեանի գրառումը։
Վերջերս պատիւ ունեցայ ներկայացնելու Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունասը՝ Էվրիի մէջ տեղի ունեցած յիշատակի արարողութեանը, որ նուիրուած էր Միսակ Մանուշեանի եւ Ժոզէֆ Էփշթէյնի ձերբակալութեան տարելիցին՝ 16 Նոյեմբեր 1943-ին։
Սոյն արարողութեան իմ կողքին էր Ֆիլիփ Ռու տը Լիւզինեանը, որ Ֆրանսահայ Դիմադրականներու եւ Մարտիկներու Դաշինքին (FCRFA) անունով ծաղկեպսակ զետեղեց՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Դիմադրութեան շարժման այս երկու նշանաւոր դէմքերուն եւ անոնց ընդմէջէն՝ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին մեր ազատութեան համար։
Հոս էր, որ 16 Նոյեմբեր 1943-ին, Փարիզի շրջանի FTP-MOI-ի եւ FTP-ի երկու պատասխանատու գործիչները ձերբակալուեցան ֆրանսական ոստիկանութեան յատուկ ջոկատներուն կողմէ։ Խոշտանգումներէ ետք, անոնք գնդակահարուեցան Մոն Վալերիանի մէջ՝ իրենց 22 մարտական ընկերներուն հետ միասին։
Ջերմօրէն կ՚ողջունեմ Էվրիի առաջին փոխքաղաքապետ Մեհտի Զըղուֆը՝ իր յուզիչ եւ արդարութեան ոգիով շնչող ելոյթին համար, որ վեր հանեց անոնց պայքարին պատմական եւ համամարդկային նշանակութիւնը։
Միսակ Մանուշեան եւ Ժոզէֆ Էփշթէյն իրենց խիզախութեամբ ու զոհողութեամբ կը մարմնաւորեն այն աննկուն Դիմադրութիւնը, որ կեանքի գնով մերժեց անձնատուր ըլլալ։ Անոնց անունները, իրենց մարտական ընկերներուն անուններուն հետ, յաւերժօրէն դրոշմուած պիտի մնան մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ։
Երբեք չմոռնա՛նք։ Փոխանցե՛նք յաջորդ սերունդներուն եւ վառ պահե՛նք մեր ազատութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերածներուն յիշատակը։


