Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը առիթ մըն էր անգամ մը եւս վերարժեւորելու հայկական կրթութեան, ազգային դաստիարակութեան եւ սերունդներու կազմաւորման մէջ այս պատմական կրթօճախին ունեցած անփոխարինելի դերը։ 2005 թուականին իր դռները փակած Մելգոնեանը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ իր շրջանաւարտներուն յիշողութեան, նուիրումին եւ հայ կեանքին մէջ ձգած խորունկ հետքերուն ընդմէջէն։ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած յոբելենական հանդիսութիւնը, Լուսաւորիչ երգչախումբի բացառիկ համերգով եւ Պատրիարք Հօր պատգամով, վերածուեցաւ ոչ միայն յիշատակի, այլեւ Մելգոնեանի ժառանգութեան արժեւորման ու անոր կրթական առաքելութեան վերանայման պահու մը։
Այս մասին «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Պոլսոյ մեր աշխատակիցներէն՝ Ալպէր Քէշիշի պատրաստած խորհրդածական գրութիւնը։
30 հոկտեմբեր 2026 թուականը պատմական նշանակութիւն ունէր թէ՛ պոլսահայութեան եւ թէ՛ մելգոնեանցիներուն համար։ Այդ գիշեր անմոռանալի հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը։ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, համայնքի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, հոգեւորականներուն եւ այլ յարգարժան հիւրերուն կողքին, ներկայ էին նաեւ մելգոնեանցիներ։
Այս հանդիսութեան հրաւէրը ստացայ Մելգոնեանի սաներէն Յակոբ Մամիկոնեանէն, որ միաժամանակ Լուսաւորիչ երգչախումբի վաստակաշատ խմբավարն է։ Հանդիսութեան գլխաւոր մասը կը կազմէր Լուսաւորիչ երգչախումբի համերգը, որ տեղի ունեցաւ պարոն Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ։ Միջոցառման ընթացքին նկատելի էին եկեղեցւոյ երկու անկիւններուն մէջ զետեղուած կրթարանի հիմնադիրներուն՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններուն դիմանկարները։ Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ հոգեւորականներուն մուտքով սկսաւ հանդիսութիւնը։
Համերգը կը բաղկանար հայ երաժշտութեան մեծերուն հոգեւոր եւ աշխարհիկ ստեղծագործութիւններէն։ Յայտագրին մաս կը կազմէին Մ. Եկմալեանի, Խ. Աւետիսեանի, Կոմիտասի, Ա. Պարթեւեանի, Թ. Ալթունեանի, Բ. Կանաչեանի, Հ. Անասեանի, Ա. Սմբատեանի, Է. Յովհաննիսեանի, Արտ. Խաչատուրեանի եւ Վ. Պէտէլեանի գործերը։
Համերգը ընթացաւ սքանչելի կատարումներով։ Մենք՝ հանդիսատեսներս, երաժշտութեան կը հետեւէինք՝ ամբողջովին կլանուած։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանացաւ Մելգոնեանցիներու քայլերգը։ Երգչախումբին ընկերակցեցան երգեհոնահար Ռոպէր Տօղանայը, Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքչուն, Սերճան Կազէրօղլուն եւ Շանթ Չաքմաքճեանը՝ իրենց հոյակապ ու տպաւորիչ մենակատարումներով։
Համերգին աւարտին հանդիսավարուհի Գարօլին Մամիկոնեանը բեմ հրաւիրեց մելգոնեանցիները եւ մեծարեց զանոնք։ Ապա Ամենապատիւ Սահակ Բ. Պատրիարքը արտասանեց իր սրտի խօսքը։
Պատրիարք Հօր խօսքը կարեւոր դիտարկումներով լի էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, թէ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը որքան մեծ զոհողութիւններով հիմնուած էր, եւ ցաւ յայտնեց այսքան արժէքաւոր կրթական օճախին 2005 թուականին փակուելուն համար։ Ապա անդրադարձաւ ներկայ դրամատիրական համակարգին եւ անոր յառաջացուցած մտայնութեան վնասներուն, որոնք պատճառ կը դառնան ամէն ինչ գնահատելու ոչ թէ երկարաժամկէտ արդիւնքով, այլ կարճաժամկէտ շահերով։ Սրբազան Հայրը յատկապէս շեշտեց, թէ դպրոցը իր պտուղները կու տայ տարիներ ետք։ Հետեւաբար, այս իրողութիւնը նկատի ունենալով, պէտք չէ կրթօճախները փակել կարճաժամկէտ շահամոլութեան հետեւանքով։
Հանդիսութեան աւարտին հանդիսատեսներուն խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ երգչախումբը ներկայացուց Է. Յովհաննիսեանի «Էրեբունի-Երեւան» երգը, որ ներառուած չէր յայտագրին մէջ։
Կը շնորհաւորեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերին եւ մաս կազմեցին այս բացառիկ հանդիսութեան։



Ալպէր Քէշիշ
Պոլիս